2013-12-28 14:02:24

Սուրիոյ կառավարութեան պատուիրակութեան հանդիպումը Վատիկանի Պետական Քարտուղար` գերապայծառ Փարոլինին հետ։


Վատիկանի բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ` շաբաթ 28 դեկտեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, ընդմէջ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` գերպայածառ Փիեդրօ Փարոլինի, Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Տոմինիք Մապերթիի եւ Սուրիոյ Կառավարութիւնը ներկայացնող մէկ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Տիար Ժոզէֆ Սուէյտ` կառավարական նախարար եւ Հուսամ Էտտին Աալա Սուրբ Աթոռի մօտ Սուրիոյ երբեմնի դեսպան։
Պատուիրակութիւնը Վատիկանի դիւանագէտներուն ներկայացուց Սուրիոյ կառավարութեան դիրքը, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին փոխանցեց Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ` Պաշշար Ասատի` Քահանայապետին ուղղուած մէկ պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.