2013-12-28 10:54:43

Նոր ողիմպիական կեդրոն Երեւանի մէջ


Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն եւ հայկական մարզաշխարհը 2014 թուականի
աշնան պիտի ունենան նոր, քառայարկ ժամանակակից մարզական կեդրոն բոլոր պայմաններով եւ յարմարութիւններով: Այս մասին Armenpress-ին յայտնած է Հայաստանի ազգային ողլիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:
Նոր մարզական կեդրոնը կը կառուցուի Երեւանի Դաւթաշէն թաղամասի մէջ:
Անոր բակին մէջ, իբրեւ խորհրդանիշ եւ ուղեցոյց, արդէն տեղադրուած է հայկական մարզաշխարհի նահապետի` ողիմպիական խաղերու եւ աշխարհի բազմակի ախոյեան, վաստակաւոր հայ մարմնամարզիկ Հրանդ Շահինեանի կիսանդրին:
Ծառուկեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ շուտով Երեւանի “Հրազդան” մարզադաշտի տարածքին մէջ պիտի տեղադրուին նաեւ “Արարատ-73” խումբի մարզիկներու դիմանկարները, որոնք կը յաւէրժացնեն ԽՍՀՄ ախոյեաններու եւ գաւաթակիրներու մարզական սխրանքը իրենց հարազատ մարզադաշտին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.