2013-12-28 10:54:29

Ազրպէյճան կը բողոքէ Մաքսային Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան դէմ


Ազրպէյճանի նախագահի վարչակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերով բաժանմունքի վարիչ Ալի Հասանով «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ազրպէյճան պաշտօնական բողոք կը յայտնէ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան դէմ, մինչեւ որ այդ երկիրը իր զօրքերը դուրս չբերէ ազրպէյճանական բռնագրաւուած տարածքներէն եւ չվերականգնի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Ըստ ազրպէյճանցի պաշտօնակատարին, Հայաստանի` «իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարակից 7 շրջանները բռնագրաւուած երկրի», մուտքը որեւէ միութիւն կամ միաւորում կը հակասէ միջազգային իրաւունքին»:
Հակառակ պարագային, ըստ Հասանովի, որեւէ միութեան անդամակցելու պահուն «Հայաստանի տարածքը եւ սահմանները հակասութեան մէջ կը մտնեն միջազգային իրաւարարութեան հետ` ի հաշիւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման»:
«Այդ պետութիւնը պէտք է կա՛մ պաշտօնապէս ճանչնայ բռնագրաւուած տարածքներու նկատմամբ յաւակնութիւնները, եւ կառոյցները, որոնց մէջ ատիկա ընդգրկուած է, պէտք է ընդունին ատիկա, կա՛մ ալ պէտք է վերադարձնէ այդ հողերը եւ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ հաստատուած տարածքներով դառնայ նոր միութիւններու անդամ», յայտարարեց Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի պաշտօնատարը







All the contents on this site are copyrighted ©.