2013-12-26 11:56:47

Սուրիահայ երեխաները պատերազմին աւարտիլը կը խնդրեն Կաղանդ Պպայէն։


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայ շուրջ 200 երեխաներուն համար 24 Դեկտեմբերին Ամանորեայ հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ։ Երեխաներուն համար տօնական մթնոլորտը ապահովուած էր շնորհիւ հեքիաթային ուրախ կերպարներու, նոր տարուան խորհրդանիշ Կաղանդ պապուկին եւ Ձիւնանուշի: Երեխաները ողջունեց եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Առաջին Տիկին Ռիտա Սարգսեանը: «Սիրելի՛ երեխաներ, ես ցանկանում եմ շնորհաւորել ձեր Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը եւ մաղթել քաջառողջութիւն: Թող այս Նոր տարում կորչեն բոլոր պատերազմները, եւ բոլորն ապրեն խաղաղ երկրում», ըսաւ ան:
«Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաջեանը Ռիտա Սարգսեանին նուիրեց սուրիահայերուն ձեռքով պատրաստուած յուշանուէրները՝ ի նշան երախտագիտութեան:
Կարէն Արպատուրեանը 15 տարեկան է, կը յաճախէ Երեւանի Ալ. Շիրվանզադէի անուան թիւ 21 հիմնական դպրոց. ան ուրախութիւն յայտնած է նախագահական պալատին մէջ Կաղանդ տօնելուն համար։ «Առաջին հերթին Կաղանդ պապայէն կը խնդրեմ, որ խաղաղութիւն բերէ Սուրիոյ», յայտնած է ան։
12ամեայ Արմին Մուսալին ըսած է, որ ան շատ կարօտցած է Սուրիոյ իր տունը եւ հոն գտնուող ընկերները: Ան ուրախ եւ հանգիստ է Հայաստանի մէջ, սակայն կը մաղթէ, որ պատերազմը աւարտի, եւ ինք կարենայ տուն վերադառնալ։
Երեխաներուն եւ անոնց ծնողներուն Ամանորի նուիրուած կատարումները վայելելու կարելիութիւն տուաւ Սուրիայէն հրաւիրուած երգչախումբը:








All the contents on this site are copyrighted ©.