2013-12-26 10:06:59

Սուրբ Ընտանիքի տօնը Մատրիտի մէջ։


27 - 29 դեկտեմբեր Մատրիտի մէջ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Ընտանիքի տօնը։ Այս առթիւ Եւրոպայի զանազան շրջանի ընտանիքները Մատրիտի մէջ պիտի համախմբուին միասնաբար նշելու Սուրբ Ընտանիքի 8-րդ Օրը որուն բանբանն է ''Ընտանիքը, առանձնաշնորհեալ վայր''։ Նախադասութիւն մը որ ընտրուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Պրազիլի համաշխարհային օրերուն առթիւ` 26 յուլիսին, արտասանած մէկ պատգամէն։ Ընտանիքի 8-րդ օրը վերջ պիտի գտնէ 29 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի վատիկանէն յղած լսատեսողական պատգամով, 29 դեկտեմբերի կէսօրին, որմէ ետք Մատրիտի Արքեպիսկոպս Անթոնիօ Մարիա Ռուոքօ Վարէլա պիտի նախագահէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.