2013-12-26 12:00:56

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:
Ապագան Տիրոջ ձեռքերուն մէջ է...


RealAudioMP3 (Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)
՜՜Վաղը ի՞նչ պիտի ըլլանք՝՝ հարցումը, այսինքն ապահովութեան, ու յատկապէս ապագայի ապահովութեան մասին մտածելը ամէնէն բնական մտածումներէն մէկն է, զոր մարդ կ՛ունենայ իր կեանքի մասին մտածած պահուն:
Այս հարցումը նոյնիսկ անտարբեր մարդոց միտքէն կ՛անցնի, յատկապէս երբ կեանքի պատասխանատուութիւնը իրենց ուսերուն դրուած ըլլայ, ընտանեկան թէ աւելի լայն հաւաքականութեան կեանքին մէջ:
Գալիքը՝ ապագան, միշտ անորոշութեամբ լեցուն է:
Ո՛չ ոք գիտէ, թէ մի քանի վայրկեաններ ետք ի՞նչ պիտի պատահի:
Գուցէ ահաւոր երկրաշարժ պատահի ու հսկայ աւեր գործէ. եւ կամ արկած պատահի ու բազմաթիւ մարդոց կեանքը խլէ: Թերեւս սրտի կաթուածի հետեւանքով մէկ վայրկեանի մէջ մեծ թիւով մարդիկ կորսնցնեն իրենց կեանքը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ: Այս ամէն վիճակները հեռու չեն մեզմէ, եւ կրնան որեւէ ժամանակ հանդիպիլ մեզի:
Կը պատահի, որ երեւոյթներէն դատելով, ոմանք մօտաւոր ապագային մասին որոշ գաղափարներ յայտնեն, կամ կանխազգուշութիւն թելադրեն գալիքը նախատեսելով: Սակայն հեռաւոր ապագան միշտ մշուշի մէջ կը մնայ, որովհետեւ այն ժամանակը որ կը գտնուի ներկային ու ապագային միջեւ, կրնայ ծնուցիչը ըլլալ նոր անակնկալներու, որոնք փոփոխութեան կրնան ենթարկել, ապագային համար նախապէս ծրագրուած ուղեգիծեր:
Առանց գուշակ ըլլալու, ամէն մարդ ալ իր ու իր շրջապատին մէջ ապրողներուն՝ իր հարազատներուն ապագայով կը մտահոգուի: Ասիկա շատ բնական երեւոյթ է ծնողներու մօտ, որոնք անկասկած պէտք է մտահոգուին իրենց զաւակներու աճումով, կրթութեամբ, մէկ խօսքով՝ ապագայով: Յիսուսի մտածողութեան մէջ ապագայի նախապատրաստութեան գաղափարը արտայայտութիւն գտած է առակի ճամբով: Մէկուն արտը շատ բերք կու տայ, որուն պատճառաւ կը ստիպուի իր շտեմարանները քակել, ու անոնց փոխարէն աւելի մեծերը կառուցել: Այդ ամէն աշխատանքը կատարելէ ետք, ինք իրեն կ՛ըսէ. «Ո՛վ իմ անձս, երկար տարիներու համար ապահովուած է կեանքդ, ուստի հիմա կեր, խմէ եւ ուրախացիր» (Հմմտ Ղկ 12.16-21):
Առակը իր ընկերային իմաստով երբ վերլուծուի, ու մանաւանդ այսօրուան մարդուն արագավազ կեանքին հետ համեմատուի, խելացի գործ կարելի է համարել այդ մարդուն կատարածը: Այսօր ո՞վ չուզեր մտածել յառաջիկայ տարիներու իր կեանքին մասին, կամ մինչեւ իսկ իր ծերութեան օրերու ապահովութիւն չի փնտռեր: Յիսուս կը քննադատէ աւելորդ մտահոգութիւնը, զոր մարդը կ՝ունենայ յաճախ, մոռնալով մեծագոյն յոյսը՝ որ Աստուած ինքն է։ Աստուած է Հայրը համայն մարդկութեան, որուն տեսողութեան ներքեւ կ՛ապրի ու կը գործէ մարդը: Առակին մէջ յիշուած մարդը սխալ չըրաւ իր ապագային մասին մտահոգուելով, ո՛չ ալ իր ցորենին համար աւելի մեծ շտեմարաններ շինելով, ան սխալ չըրաւ այդ ամէնը ընելուն, բայց… մոռցա՛ւ իր յոյսը, որ Աստուած է: Կե՛ր, խմէ՛ ուրախացի՛ր, այո՛, բայց… Աստուծմո՛վ: Այդ ամէնուն պարգեւիչը Աստուած է: Ի՛նք է, որ բանականութիւնը տուաւ մարդուն, ծրագիրներ մշակելու համար: Ի՛նք է, ի վերջոյ, որ «անձրեւ տեղացուց անոր արտերու վրայ»:
Մեր ու մեր ընտանիքի ապագային մասին մտածելը անհրաժեշտ պարտաւորութիւն է: Նոյնիսկ սխալ պիտի ըլլար այդ մասին չմտածելը, ու անով չմտահոգուիլը: Սակայն, մեր այդ պարտաւորութեան սահմանին մէջ կ՛իյնայ նաեւ գիտակցիլ, թէ ապագայի նկատմամբ մեր կատարած ամէն աշխատանքները հովանաւորուած են Աստուծմով, առանց որուն մեր ամէն ճիգերը անիմաստ են, կամ ի դերեւ պիտի ելլեն:
Չմոռնանք ՜՜ Ապագան Տիրոջ ձեռքերուն մէջ է...








All the contents on this site are copyrighted ©.