2013-12-26 12:20:48

26 դեկտեմբեր։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


26 դեկտեմբեր, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը մը կատարեց որուն մէջ ակնարկեց Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին ու անոր նահատակութեան, հաստատելով թէ ''այսօր կը տօնուի Ստեփանոսի ծնունդը` ուր սէրը յաղթեց բռնութեան եւ կեանքը` մահուան։''

Քրիստոս - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը- իր աշակերտներուն յայտնած էր ''Իմ անունիս համար, ամէնքը ձեզ պիտի ատեն։ Բայց ով որ դիմանայ մինչեւ վերջ պիտի փրկուի''։ Առ այդ - շարունակեց Ան - այսօր յատուկօրէն աղօթենք բոլոր քրիստոնեաներուն համար որ Քրիստոսի ու Անոր Աւետարանին տուած վկայութեան համար կը հալածուին։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մօտիկութիւն յայտնեց բոլոր այն եղբայրներուն որոնք Սուրբ Ստեփանոսի նման, անարդարօրէն կ՛ամբաստանուին եւ բռնութիւններու թիրախ կը դառնան։
Այս - ըսաւ Քահանայապետը - կը պատահի երկիրներու մէջ ուր կրօնի ազատութիւնը տակաւին ապահովուած չէ եւ կը պատահի նաեւ երկիրներու ու միջավայրերու մէջ ուր ''թուղթի'' վրայ ազատութիւնն ու մարդկային իրաւուրնքները յարգուած են, սակայն հաւատացեալները ու յատկապէս քրիստոնեաները դժուարութիւններու եւ խտրականութեան կը հանդիպին։

Սրբազան Հայրը ապա հայցեց Մարտիրոսներու Մայր` Մարիամի բարեխօսութիւնը ''որպէսզի մեզ օգնէ ապրելու Ծնունդը` Սուրբ Ստեփանոսի հաւատքի ու սիրոյ եռանդով։Ան ապա հրաւիրեց ներկաները պահ մը լռութեամբ աղօթել բոլոր հալածանք կրող քրիստոնեաներուն համար եւ եզրափակելէ ետք խորհրդածութիւնը,
Մարեմեան աղօթքը արտասանեց ու ապա ողջունեց հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները բոլորին մաղթելով Ծննդեան բարի տօնական օրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.