2013-12-25 11:00:26

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Ծննդեան առաջին Պատարագը. ''Յիսուս` մարմնացած սէր, կեանքի ու պատմութեան իմաստն է''։


Երեքշաբթի, 24 դեկտեմբերի, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեկոյեան ժամը 9,30-ին, ս. Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, գլխաւորեց ճրագալոյցի սուրբ Պատարագը։
Սուրբ Զոհէն առաջ, յետմիջօրէին` տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կառուցուած հսկայական սուրբ մսուրի բացման արարողութիւնը, զոր գլխաւորեց Կարտինալ Քոմասդրի` Քահանայապետի Վատիկանի տեղապահ։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Վատիկանի Քաղաքապետարանի նախագահ` կարտինալ Ճուզեփփէ Պերդելլօ։ Արարողութեան աւարտին Կարտինալ Քոմասդրին, յանուն Սրբազան Հօր, մսուրի առջեւ զետեղեց ''խաղաղութեան կանթեղը'' յայտնելով թէ Սրբազան Քահանայապետը իրմէ խնդրեց որ ներկաներուն ըսէ թէ ''այս կանթեղին հետ որ կը վառուի այս գիշեր, կը վառի նաեւ իր սիրտը, աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներու սրտերուն հետ միասին, որպէսզի լուսաւորէ աշխարհը, ու աշխարհի խաւարը, եւ որպէսզի Բեթղեհէմի Լոյսը ճառագայթէ ամենուրէք։
Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի սուրբ պատարագի ընթացքին արտսանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հաստատեց թէ ''Յիսուս կեանքի ու պատմութեան իմաստն է'' ու հրաւիրեց հաւատացեալները քալելու Աստուծոյ ճանապարհով, առանց մոռնալու ''անտեսուածները'' ու Աւետարանի ուրախութիւնը կիսելու բոլորին հետ։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանուած աղօթքներուն մէջ, յատուկ աղօթքն մըն ալ արտասանուեցաւ իրենց հաւատքի համար հալածուած բոլոր քրիստոնեաներուն դիտաւորութեան։

Քարոզի աւարտին. Նորին Սրբութիւնը կրկնեց` ''Տէրը մեզի կ՛ըսէ, մի վախնաք, մի վախնաք։ Մեր Տէրը մեզ կը սիրէ ու մեզի տուաւ Յիսուսը որպէսզի մեզ առաջնորդէ դէպի Աւետեաց Երկիր։ Ան է լոյսը որ խաւարը կը լուսաւորէ, Ան է ողորմութիւնը, մեր Հայրը մեզ միշտ կը ներէ։ Ինքն է մեր խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.