2013-12-24 09:51:10

Ս. Ծննդեան պատգամ՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին կողմէ։


Ծնունդի եղանակը արդէն հասած է։ Երփներանգ լոյսերով, արծաթաշող ու ոսկեփայլ զարդերով եւ արուեստական ճիւղերու կամ ծաղիկներու կամարներով նորէն պճնուած են քաղաքներու մեծ պողոտաները։ Խանութներ ու վաճառատուներ իրենց ցուցափեղկերը փարթամօրէն զարդարեր են գունագեղ առարկաներու, բազմատեսակ ապրանքներու ճոխութեամբ, հրապուրելու համար մարդիկ՝ Ս. Ծնունդին առթիւ իրենց ընծայելիք նուէրները գնելու համար։ Բայց թերեւս անոնցմէ շատ քիչերը կը յիշեն, թէ որո՛ւն ծնունդն է, զոր կը տօնեն։
Յովհաննէս առաքեալ կը յիշեցնէ մեզի, որ Ս. Ծնունդը՝ մարմնացեալ եւ մարդացեալ Աստուածորդիի հրաշափառ ծննդեան տարեդարձն է, զոր կ՛ոգեկոչենք։ «Եւ Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, եւ անոր փառքը տեսանք, Հօրմէն Միածինի փառքին պէս» (Յովհ. 1։14):
Ինչո՞ւ մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ։
Մարդեղութեան այս մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին նպատակը լիակատար Աստուածայայտնութիւնն էր։ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ Աստուծոյ Էութեան բուն պատկերը յայտնելու համար։ Ան եկաւ ցոյց տալու Աստուծոյ անսահման սէրն ու կարեկից հոգին՝ հանդէպ Իր ստեղծած մարդոց։ Ան Իր «անձը խոնարհեցուց ու նոյնիսկ ծառայի կերպարանք առաւ»՝ փորձառաբար հետամուտ ըլլալու մարդկային տկարութիւններուն, կարօտութիւններուն եւ կարիքներուն։ Առաքեալին խօսքով՝ «Ան, որ հարուստ էր, մեզի համար աղքատացաւ, որպէսզի Անոր աղքատանալով մենք հարստանանք»։
Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդի վսեմագոյն նպատակն էր մեղաւոր եւ մոլորեալ մարդիկը Իրեն հետ հաշտեցնել։ Յիսուս եկաւ որպէս «Խաղաղութեան Իշխան», որպէսզի Աստուծոյ մեղաւոր արարածները իրենց Արարիչին ու Երկնաւոր Հօրը հետ հաշտեցնէ:
Մարդացեալ Աստուածորդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, որպէս Փրկիչ ընդունելով է, որ մարդիկ կրնան խաղաղութիւն ունենալ Աստուծոյ հետ եւ ատկէ ետք բարեհաճութիւն եւ բարեացակամութիւն ունենալ իրենց նմաններուն հետ։ Ա՛յդ է պայմանադիր ազդակը իրականացնելու՝ Բեթլեհէմի հովիւներուն լսած հրեշտակաց աւետիսը՝ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, յերկիր խաղաղութիւն եւ մարդոց մէջ հաճութիւն»։
Երանի թէ խաղաղութեան ծարաւի մարդիկ իրենց անօգուտ որոնումներէն հրաժարէին եւ իմաստութիւն ունենային երթալու «Խաղաղութեան Իշխան»ին, Անոր «ամէն միտքէ վեր եղող» խաղաղութիւնը ստանալու։
Թող Աստուած երկնային շնորհ եւ աստուածային իմաստութիւն շնորհէ բոլոր մարդոց, որպէսզի այդ խաղաղութեան տիրանան։
Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնեցաւ: Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս:
Աղօթարար՝
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ,
Գործադիր տնօրէն Հայ Աւետարանական
Համաշխարհային Խորհուրդի








All the contents on this site are copyrighted ©.