2013-12-24 09:50:14

Եւրոպական երկիրներուն մօտ Հայաստանի Դեսպաններու խորհրդակցութիւն Փարիզի մէջ։


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 22 Դեկտեմբերին Փարիզի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աւանդական խորհրդակցական հանդիպում ունեցած է Եւրոպական երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններու եւ մնայուն ներկայացուցիչներու հետ։
Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած յանձնարարականներու գործադրութեան:
Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները ներկայացուցած են իրենց հաւատարմագրման երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ ընթացող գործընթացներն ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:
Էդուարդ Նալբանդեան դեսպաններուն հետ քննարկած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական բնագաւառին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, ամփոփած է 2013ին կատարուած աշխատանքները եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած է՝ յաջորդ տարի իրականացուելիք աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարուած է եւրոպական երկիրներու եւ կառոյցներու հետ քաղաքական երկխօսութեան առաւել զարգացման կարեւորութեան, դեսպանութիւններու գործունէութեան տնտեսական բաղադրիչի արժէքին, միջխորհրդարանական կապերու զարգացման, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ընդլայնման, տեղեկատուական դաշտին մէջ եւ դեսպանընկալ երկիրներու հասարակական կառոյցներուն հետ աշխատանքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.