2013-12-24 10:59:34

Երուսաղէմի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Հովուապետերու Սուրբ Ծննդեան պատգամը։


''Քրիստոսի Լոյսը տակաւին կը փայլի նոյնիսկ մութ վայրերուն մէջ''

''Դժուար կացութեան հանդերձ, մենք կը հրճուինք, որովհետեւ Քրիստոսի Լոյսը նոյնիսկ մութ վայրերու մէջ տակաւին կը փայլի'', գրած են Երուսաղէմի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Հովուապետերը իրենց Սուրբ Ծննդեան առթիւ հրատարակած պատգամին մէջ։
Անոնք մատնանշած են թէ երբ Յիսուս աշխարհ եկաւ կացութիւնը շատ չէր տարբերիր ներկայ իրավիճակէն։
Միջին Արեւելքի մէջ համոզուած ենք որ բռնութիւնը ոչ մէկ լուծումի կը հանգի - գրած են Հովուապետերը ու աւելցուցած - թէ ''Յիսուս` խաղաղութեան իշխանը, աշխարհ եկաւ մեզի ցոյց տալու ոչ միայն ինչպէս կարելի է հաշտուիլ Աստուծոյ հետ, այլ ինչպէս հաշտուիլ նաեւ մէկը միւսին հետ։
Սուրբ Ընտանիքի եգիպտոս ապաստանիլը նմանցնելով հազարաւոր փախստականներու ապրած իրավիճակին, Երուսաղէմի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Հովուապետերը հրաւիրած են հաւատացեալները աղօթելու ''բոլոր անոնց որ հեռացած են իրենց երկիրներէն, եւ բոլոր այն մարդասիրական կազմակերպութիւններուն որոնք հոգ կը տանին գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի ղեկաւարներուն` որպէսզի կարենան այնպիսի պատշաճ իրավիճակ մը ստեղծել ուր ապաստանի փնտռտուքի կարիքը այլեւս չի զգացուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.