2013-12-23 14:29:15

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր, Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Քուպայի Վատիկանի մօտ նոր նշանակուած դեսպան` Տիար Ռոտնէյ Ալէխանտրօ Լոբէզ, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։
Ապա ժամը 11-ին, Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար ընդունեց` Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչ` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին եւ ''Օփուս Տէյ'' միաբանութեան առաջնորդ` Կարտինալ Խավիէ Էչէվարրիա Րոտրիկէզ, հուսկ ժամը 12-ին, յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Նափոլի Թեմի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Գրէշենցիօ Սեփէի ու անոր գլխաւորած պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին Արքեպիսկոպոսական Թեմի անդամներ, Քամբանիա նահանգի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ''Գանդոնէ է Գոսդապիլէ'' աշխատանոցի եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի Մսուրը կառուցող ընկերութեան պատասխանատուներ։ Յայտնենք որ այս տարի, առաջին անգամուան համար, Նափոլիի մսուրներու հռչակաւոր աշխատանոցներէն մին` ''Գանդոնէ է Գոսդապիլէ'', որ 1960էն ի վեր կը գործէ, Նափոլիի Արքեպիսկոպոսի միջոցաւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նուիրած են Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ այս տարուայ զետեղուած հսկայական մսուրի 16 արձանները մինչ մսուրի շինարարութիւնը յանձնուած է այլ ընկերութեան մը որ առատաձերն բարերարներու օժանդակութիւններուն շնորհիւ կառուցած է զայն։
Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 12,15 անց ընդունեց գերապայծառ Բէտրօ Լոբէզ Քուինդանա, Քանատայի մօտ առաքելական նուիրակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.