2013-12-23 14:55:16

''Քրիստոնեան պէտք է ընդմիշտ արթուն եւ ուշադիր հսկումի մէջ ապրի սպասելով Տիրոջ գալստեան'' ըսաւ Քահանայապետը` առաւօտեան պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի, 23 դեկրեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, յորդորեց ներկաները, որպէսզի ''Տիրամօր նման, տեղ տան Յիսուսին, որ աշխարհ կու գայ''։
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ ''Եկեղեցին Մարիամի նման սպասումի մէջ է'' զգուշացնեով հոգիներու ''փակեալ կեցուացքէն''։ Քրիստոնեան - ըսաւ Ան - պէտք է ընդմիշտ արթուն եւ ուշադիր հսկումի մէջ ապրի սպասելով Տիրոջ գալստեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւիրեց ներկաները կրկնելու ''Եկ՛ուր Տէր` իմաստութիւն, Դաւիթի Որդի, ժողովուրդներու թագաւոր, եկ՛ուր'', ու յանձրարարեց բաց պահել մեր սրտերու եւ հոգիներու դռները ընդունելու համար զինք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.