2013-12-23 14:41:41

Համաշխարհային եկեղեցիներու խորհուրդի քարտուղարութիւնը կը խնդրէ աղօթել Սուրիոյ մէջ արեւանգուած եկեղեցականներու ազատագրումին համար։


''Սուրիացի համայն ազգը կը տառապի Սուրբ Ծննդեան տօնական այս օրերուն''։

Համաշխարհային եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը վերապտուելի Օլավ Թուէյդ խնդրած է համայն աշխարհի եկեղեցիներէն որ շարունակեն աղօթել Սուրիոյ մէջ արեւանգուած եկեղեցականներու ազատագրումին համար։
Ան 22 դեկտեմբերին ուղղած` Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի պատգամին մէջ, վերակոչեց Սրբուհի Թաքլայի մենաստանի օրթոտոքս 12 կրօնաւորուհիներու եւ Հալէպի 2 թեմերու Եուհաննա Իբրահիմ եւ Պուլոս Եազճի եպիսկոպոսներու արեւանգումը։ Վերապատուելին իր ծննդեան պատգամին մէջ խնդրեց զինեալ բոլոր ոյժերէն որ խնայեն կեանքը քաղաքացիներուն եւ մասնաւորապէս կղերականներուն։ Նոյնպէս հրաւիրեց միջազգային հասարակութիւնը որպէսզի զօրակցի սուրիացի բոլոր արեւանգուածներուն հետ եւ ամէն ջանք թափէ անոնց ազատագրումին համար։
''Մենք կը շարունակենք աղօթել, կը՝ կարդանք վերապտուելի Օլավ Թույթէի պատգամին մէջ, որպէսզի Տէրը իր խաղաղութիւնը շնորհէ Սուրիոյ եւ վերջ տայ միլիոնաւոր սուրիացիներու տառապանքին, մասնաւորապէս բոլոր անոնց որոնք արտահան եղած են եւ կորսնցուցած են օճախ, ստացուածք ու գործ։








All the contents on this site are copyrighted ©.