2013-12-23 10:40:35

Հալէպի Նոր Գիւղ, Սիւլէյմանիէ շրջանները կրկին թիրախ հրասանդերու


Շաբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամերուն Հալէպի հայահոծ Նոր Գիւղ շրջանին մէջ ազգապատկան կալուածներու եւ կողքը վեց հրասանդեր ինկան: Հրասանդները հարուածեցին ԿԻԼԻԿԻԱ շէնքը, Ազգ. Սահակեան վարժարանի կողքի թաղը, ՍԻՍ շէնքը եւ այլ թաղեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
22 Դեկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ի կողմերը Հալէպի Սիւլէյմանիէ-շրջանը գտնուող Ազգ. Կիւլպէնեան վարժարանի տանիքը հրասանդ մը ինկաւ: Բարեբախտաբար հրասանդը չպայթեցաւ եւ ոչ մէկ վնաս արձանագրուեցաւ, սակայն բնակիչները ահ ու սարսափի մատնուեցան:
Յիշեցնենք, որ 21 Դեկտեմբեր 2103-ին- ժամը 1.30-ի մօտ Հալէպի Ազիզիէ շրջանի ՀՄԸՄ-ի պարտէզ-մազարանի շրջակայ տարածքը հրթիռակոծման ենթարկուեցած էր: ՀՄԸՄ պարտէզին կից շէնքին վրայ ինկած հրթիռին պատճառով հրկիզուեցած էին մարզարանի պասքէթպոլի եւ թէնիսի գոց դաշտերուն առաստաղները:







All the contents on this site are copyrighted ©.