9 Սա՛ առակն ալ ըսաւ
ոմանց, որոնք իրենք իրենց վրայ կը վստահէին թէ արդար են, եւ կ'անարգէին ուրիշները. 10
«Երկու մարդ տաճարը բարձրացաւ աղօթելու, մէկը` Փարիսեցի, ու միւսը` մաքսաւոր: 11 Փարիսեցին
կայնած էր եւ սա՛պէս կ'աղօթէր ինքնիրեն. “[Ո՛վ] Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ` որ ուրիշ
մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող, կամ ալ այս մաքսաւորին պէս. 12 [հապա]
շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ, եւ ամբողջ *եկամուտիս տասանորդը կու տամ”: 13 Իսկ
մաքսաւորը հեռուն կայնած էր, ու չէր ուզեր աչքն ալ բարձրացնել երկինք, հապա` ծեծելով
իր կուրծքը` կ'ըսէր. “Աստուա՛ծ, *ներէ՛ ինծի` մեղաւորիս”: 14 Կը յայտարարեմ ձեզի թէ
ասիկա [այն] միւսէն աւելի արդարացած իջաւ իր տունը. որովհետեւ ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք`
պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք` պիտի բարձրանայ»: