Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ
ՄԱԿ-ի միջեւ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն բխած գլխաւոր գործնական արդիւնքը 22 յունուար
2014-ին նախատեսուած Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի թուականի վերահաստատումն
է: Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ թուականի վերահաստատումը
ցոյց կու տայ, որ երկիրներու մեծամասնութիւնը գիտակցած է, որ սուրիական տագնապի քաղաքական-դիւանագիտական
լուծումը այլընտրանք չունի, բան մը, որ Ռուսիա սկիզբէն ի վեր կը յայտարարէր: Հաղորդագրութիւնը
աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին կեդրոնացած են այն հարցին վրայ, որ քաղաքական հոլովոյթը
պէտք է օժանդակէ ահաբեկչական սպառնալիքին դէմ պայքարելու համար բոլոր սուրիացիներուն
ջանքերու միացման: Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ Ռուսիոյ եւ ՄԱԿ-ի կարծիքով, Իրան
պէտք է «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին հրաւիրուի