2013-12-23 15:28:45

Եկէք տեսէք անվախ Մանուկը


RealAudioMP3 Մի վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ պիտի աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ նաեւ ամբողջ ժողովուրդինը: Այսօր ձեզի փրկիչ մը ծնաւ որ օծեալ Տէրն է: Արշալոյսը յաջորդական ծնունդներու, նոր մարդուն, եղբայրութեան, համերաշխութեան ու խաղաղութեան բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ:
Այո, այս էր աւետիսը զոր տուաւ հրեշտակը համայն մարդկութեան 2013 տարիներ աոաջ. անվախ մանուկ մը ծնաւ որպէսզի քաջութիւն շնորհէ բոլոր յոգնած եւ վախի մէջ գտնուող հոգիներուն՝ ըսելով բոլորին թէ եկած եմ մսուրի մը մէջ ծնելու ձեզի բանալու արքայութեան դոները:
2013 տարիներ աոաջ, տեղի ունեցած այս հրաշք ծնունդը՝ երրորդ հազարամեակին՝ տակաւին չհասաւ իր նպատակին՝ մարդկութեան փրկութիւնը ազատելու մեղքի ստրկութենէն: Ան կը կարօտի քրիստոնեաներուն անվերապահ ու կենսունակ յանձնառումին, որով միասնականութեամբ պիտի աշխատին նորանոր ծնունդներ ապահովելու, որպէս զի մասնակցին փրկչագործութեան սիրոյ խորհուրդին: Աստուածորդիին ծնունդով՝ բոլոր հեզ հոգիները հրաւիրուած են ընդհանրական սիրոյ :
Մարգարէները պատրաստեցին Փըրկիչին ծնունդը, սակայն շատեր չհասկցան կամ չուզեցին հասկնալ այս կարեւոր իմաստը, որովհետեւ տարբեր ձեւով եւ տարբեր ոգիով փրկիչ մը կը փափաքէին ունենալ :
Յիսուս նախընտրեց մսուրը՝ իմաստը տալու իր աոաքելութեան: Եկած է պարզ մարդոց նման խոնարհ կերպով ծնելու, շրջապատուած անասուններով, նախընտրելով մսուրը շքեղ պալատներուն:
Անվախ ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ ուրկէ պիտի բխէր խաղաղութեան պատգամը համայն ժողովուրդներուն:
Յիսուսի ծննդեան 2013 տարեդարձին՝ Ան կը ծնի պզտիկ նշխարհի երեւոյթին տակ, Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ որպէս զի իր ներկայութիւնը հաստատէ բոլորիս Սրտերուն մէջ, որ է կենդանարար սնունդը բոլոր հոգիներուն:
Յիսուս ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, ամենէն համեստ պայմաններուն մէջ, ապրելով 33 տարի միայն:
Սուրբ ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւնը, Անոր կեանքը եղաւ արտակարգօրէն հրաշալի եւ մարդկութեան համար ուղեցոյց՝ ճանչնալու ճշմարիտ Աստուածը:
Մեր հոգիին մէջ ամէն մարդ եւ ամէն ինչ տեղ ունի: Տեղ ունին ապագան, հարստութիւնը, հաճոյքը եւ յաջողութիւնը, տեղ ունին նաեւ կիրքն ու ցանկութիւնը, նախանձն ու ատելութիւնը, բայց արդեօք տեղ ունի՞ խաղաղասէր Յիսուսը, այն Փրկիչը որ եկաւ մասնաւոր կերպով իմ եւ քու հոգիդ փրկելու :
Թող մանուկ Յիսուսը մեր զարթուցիչը դաոնայ լսեցնելու բոլորիս իր ծննդեան պատգամը՝ որ է սէր, ճշմարտութիւն եւ զօրաւոր հաւատք :
Հայր Գէւորգ Վրդ. Ասատւրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.