Կաշառակերութեանց շուրջ հետաքննութիւնը կը շարունակէ լարուած պահել Թուրքիան
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Ա.Էֆ.Փէ.».- Կաշառակերութեանց եւ ապօրինութիւններու հարցով բացուած
հետաքննութիւնն ու աղմկայարոյց ձերբակալութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել Թուրքիոյ
քաղաքական ու հանրային օրակարգը։ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20ի կարեւոր զարգացումներէն մէկն
էր ձերբակալուածներէն առաջին ութին դէմ պաշտօնական ամբաստանութեան արձակումը ու բանտարկութիւնը,
մինչ ոստիկանական համակարգէն ներս պաշտօնազրկումները կը շարունակուէին: Հակառակ անոր,
որ կարգ մը լրատու գործակալութիւններ յայտարարեցին, թէ կաշառակերութեան հարցով պատրաստուած
էին չորս նախարարներ անձեռնմխելիութենէ զրկելու թղթածրարներ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում
կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյն Չելիք հերքեց այդ տեղեկութիւնները, մինչ իշխանութեան թեւէն
զանազան ներկայացուցիչներ շարունակեցին պնդել, թէ աղմկայարոյց ձերբակալութիւններն ու
կատարուած հետաքննութիւնը մասնիկներ են կառավարութեան դէմ լարուած թակարդի մը, որուն
նպատակն է յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններէն առաջ վնաս պատճառել իշխող կուսակցութեան։ Վարչապետ
Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի օր փակ դռներու ետին հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Ապտուլլահ
Կիւլի հետ, առանց բացատրութիւններ տալու խօսուած նիւթերուն մասին։ Ընդհանուր առմամբ,
միշտ կը խօսուի Ֆեթհուլլահ Կիւլենի համայնքին ու իշխող կուսակցութեան միջեւ «պատերազմ»ին
մասին, հակառակ անոր, Կիւլենի փաստաբանը Հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ Կիւլեն որեւէ առնչութիւն
չունի այս զարգացումներուն հետ: Իշխող տեսակէտն այն է, սակայն, որ «պատերազմ»ը սկսած
է եւ հետագայ զարգացումները յղի են երկրնի համար ճակատագրական այլ դէպքերով։ Միւս
կողմէ, հակառակ իշխող կուսակցութեան յայտարարութիւններուն, զանազան թերթեր կը նշեն, որ
կաշառակերութեանց պնդումները մեծ մասամբ իրականութեան կը համապատասխանեն։ Կը հաղորդուի,
թէ հետաքննութիւնը սկսած էր 2012ին, երբ 32 անձեր առնուած են ոստիկանութեան հսկողութեան
տակ ու սկսած է «Մեծ կաշառակերութիւն» անուն գործողութիւնը։ Զեղծարարութեան մէջ բանալի
դէմքը կը նկատուի 29ամեայ ատրպէյճանցի գործարար Ռեզա Զարրապը, որ միլիոնաւոր տոլարներու
հասնող կաշառք տուած է նախարարներու զաւակներուն եւ նախարար Էկեմեն Պաղըշին։ Ըստ վարչապետին
մօտիկ աղբիւրներու՝ Էրտողան կը պատրաստուի արմատական փոփոխութիւններ իրականացնելու կառավարութեան
կազմէն ներս, առնուազն՝ ութ նախարարներ փոխելով. անոնց մէջ կան կաշառակերութեան գծով
ամբաստանուող չորս նախարարները: Ընդդիմութեան ճակատէն, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան
պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ Էրտողանի հիմնական պարտականութիւնն է կաշառակերութեան
դէմ այս պայքարը գլխաւորել, իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան առաջնորդը՝ Տեւլեթ
Պահչելի, յայտարարեց, թէ ոստիկանութեան համակարգի բարձրաստիճան պաշտօնեաները պաշտօնազուրկ
ընելով՝ իշխանութիւնները ցոյց տուին, որ խուճապի մատնուած են։ «Ո՛չ մէկը թող փորձէ կացինահարել
այս հետաքննութիւնը», ըսաւ ան։ Գալով Եւրոմիութեան՝ անոր ընդարձակման աշխատանքներու
յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի բանբերը ըսաւ, որ Եւրոմիութեան պահանջն է հետաքննութեան անկախութիւնը
երաշխաւորել: