2013-12-21 10:32:47

ԽՕՍԷ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ


RealAudioMP3 Քրիստոսի Եկեղեցիի Յատկանիշերը:

Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին զինք բնորոշ իր յատկանիշերն ունի, առանց որոնց Եկեղեցի մը չի կրնար Քրիստոսի պատկանիլ:
Որո՞նք են այն յատկանիշերը:
Այսօր աշխարհիս վրայ դժբախտաբար գոյութիւն ունին քրիստոնեայ բազմազան Եկեղեցիներ (օրթոտոքս, կաթողիկէ, աւետարանական, են.): Նոյն Քրիստոսը դաւանող երեք այս Եկեղեցիները, դժբախտաբար կարգ մը հարցերուն մէջ իրարմէ կը տարբերին: Արդ այս Եկեղեցիներուն իւրաքանչիւրը ինքզինք հաւասարապէս Քրիստոսի հարազատ Եկեղեցի կը դաւանի:
Ինչպէ՞ս գիտնալ թէ անոնցմէ ո՞ր մէկը Քրիստոսի հարազա՛՛տ Եկեղեցին կը ներկայացնէ: Այս հարցումին պատասխանելու համար, հարկ է նախ գիտնալ թէ որո՞նք են Քրիստոսի հիմնած իսկական Եկեղեցիին յատկանիշերը:
Հայոց Եկեղեցիին շուրջ` կը խորհինք թէ Հայ Եկեղեցին սոյն յատկանիշերը ամփոփած է իր «Հաւատամք» ին մէջ, երբ պատարագի ընթացքին` օրուան աւետարանէն ետք կը հռչակէ. «Հաւատամք ի մի միայն, ընդհանրական եւ առաքելական սուր Եկեղեցի»: Ուրեմն Հայերուս համար Եկեղեցիին յատկանիշերը այս չորսերն են. Մկրտութիւնը, ընդհանրականութիւնը (կամ յունարէն բառով` կաթողիկէութիւնը), ռաքելականութիւնն ու սրբութիւնը:
Այս յատկանիշերուն չո՛րսն ալ էական են, չո՛րսն ալ միատեղ գտնուելու են Քրիստոսի Եկեղեցիին մէջ:

Քրիստոսի Եկեղեցին Մէ՛կ է: Այս է Քրիստոսի Եկեղեցիին առաջին յատկանիշը: Քրիստոս իր մահուան նախօրեակին` վերջին աղօթք մը ուղղեց իր Հօր, Եկեղեցիին միութեան համար ըսելով. «Թող մէ՛կ ըլլան ինչպէս որ մենք մէ՛կ ենք» (Յովհ. 17,22):
Քրիստոս մէ՛կ Եկեղեցի հիմնեց, մէ՛կ կրօն քարոզեց, մէ՛կ հեղինակութիւնը սահմանեց եւ մէ՛կ Եկեղեցիի համար ալ աղօթեց:
-Այս մէկութիւնը` նախ Եկեղեցիին սերտ միութիւնն է Քրիստոսի անձին ու հոգիին հետ, ինչպէս որ զաւակի մը իր մօր հետ միութիւնը` նոյն արիւնն է:
-Այս մէկութիւնը զօրելու է Եկեղեցիէն ներս նաեւ դաւանանքի մէկութեամբ: Կարելի չէ Քրիստոսի նոյն Եկեղեցիին պատկանիլ, նոյն Քրիստոսը դաւանիլ եւ իրարմէ տարբեր դաւաանքներ ունենալ, հաւատալով տարբեր ճշմարտութիւններու, զորս Քրիստոս չէ աւանդած կամ չէ հաստատած:
-Յիստուսի հետ այս մէկութենէն կը բխի նաեւ Եկեղեցիներուն միջեւ հրամանի մէկութիւնը: Ինչպէս որ նոյն հաստատութեան մը զանազան մասնաճիւղերը իրենց հրահանգներն ու ուղղութիւնները մէկ կեդրոնէն կ’առնեն, նոյնպէս ալ ազգերու Եկեղեցիները: Ազգի մը մշակոյթի եւ աւանդութիւննե-րուն տարբերութենէն բխող զանազանութիւնները կամ յատկանիշերը չեն խախտեր Քրիստոսի փափաքած եկեղեցական միութիւնը:
2. Քրիստոսի Եկեղեցին, իր մէկութեան մէջ, ընդհանրական է եւ ասիկա անոր երկրորդ յատկանիշն է: Ազգերը իրարմէ տարբերած են նաեւ իրենց կրօններով: Իսկ Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր ազգերուն համար է եւ կ’ընդգրկէ բոլոր ժողովուրդները, յետամնաց, սեւամորթ, հնդիկ կամ ոչ:
Քրիստոսի Եկեղեցին ազգի մը վերապահուած չէ: Եկեղեցին միջազգային է: Բոլոր ազգերը հոն տեղ ունին, իրենց ազգային դիմագիծով եւ ինքնութեամբ, աւանդոյթնե-րով, մշակոյթով, լեզուով, ծէսով եւ ցեղով:
(Քաղուած Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.