2013-12-20 12:16:20

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Իտալացի դիւանագէտներուն։


Ուրբաթ, 20 դեկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Քահանայպետը ընդունելով Իտալացի դիւանագէտները, երախտագիտական իր զգացումները յայտնեց իւրաքանչիւրին, իրենց կատարած յոյժ կարեւոր դիւանագիտական առաքելութեան, որ յաճախ ծածուկ կը կատարուի։
''Ձեր սպասարկութեան շնորհիւ դուք կը սատարէք հանդիպումի մշակոյթին, որ հիմնուած է փոխադարձ ճանաչումի, յարգանքի եւ բարգաւաճումի ու խաղաղութեան ճամբաներու որոնումին վրայ։ Իտալիան միշտ եղած է հոմանիշը մշակոյթի, գեղարուեստի ու քաղաքակրթութեան։ Ձեր առաքելութեամբ կը սատարէք հանդիպումի մշակոյթի զարգացումին ի շահ հասարակաց բարիքին։
Պօղոս Զ Քահանայապետը ձեր առաքելութիւնը կը կոչէ ''սիրոյ քաղաքակրթութիւն''։ Յիսուսի ս. Ծնունդը մօտ է։ Այս տօնը հանդիպումի տօնն է Աստուծոյ ու մարդու միջեւ։ Այս հանդիպումը լիովին իրականացաւ Յիսուս Մանուկին ծնունդով։ Նոյնիսկ ոչ քրիստոնեան անտարբեր չի կրնար մնալ սիրոյ այս պատգամին առջեւ։ Մաղթանքս է որ ձեզմէ ամէն մէկը սերտօրէն ապրի սիրոյ այս խորհուրդը։ Մաղթանքս է որ Տէրը ձեզ ողողէ իր սիրով ու խաղաղութեամբ. ձեր ընտանիքներուն շնորհէ անդորրութիւն ու խաղաղութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.