2013-12-20 12:42:23

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հանդիպի ''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' երիտասարդներուն։


Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր, կէսօրին` Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպելով իտալացի բանուորական շարժում` ''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' երիտասարդներուն, անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան համար ու ապա զանոնք քաջալերեց ըլլալու միշտ Եկեղեցւոյ ''ողջ քարեր'' միացած Յիսուսին։ Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադառնալեով ''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' նոր տարուայ կարգախօսին` ''Չիկայ խաղ մը առանց քեզի'', հաստատեց թէ ''Սուրբ Ծնունդը տօնն է, Աստուծոյ ներկայութեան մեր մէջ, որ աշխարհ եկաւ մեզ փրկելու համար։ Յիսուսի Ծնունդը հէքեաթ մը չէ այլ իսկական պատմութիւն մը, որ իրապէս պատահած է Բեթղեհէմի մէջ, երկու հազար տարիներ առաջ։ Հաւատքը մեզի ցոյց կու տայ թէ այդ Մանուկը, ծնած Սուրբ Կոյս Մարիամէն, Աստուծոյ Որդին է, որ մեր սիրոյն համար մարդեղացաւ։
Այս Մանուկը ցոյց կու տայ Աստուծոյ անսահման հաւատարմութիւնն ու սէրը մեզմէ ամէն մէկուն հանդէպ։ Ասոր համար է որ կը տօնենք Սուրբ Ծնունդը ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց` ''սիրելի երիտասարդներ, Յիսուս ձեզ կը սիրէ. կ՛ուզէ ձեր բարեկամը ըլլալ։ Եթէ այս համոզումը ունիք` ուրեմն պիտի գիտնաք ձեր շուրջ սփռել բարեկամութիւնը` տունին, ժողովրդապետութեան, դպրոցին ու ձեր ապրած միջավայրին մէջ։ Եւ այս բարեկամութիւնը պիտի գիտնաք վկայել Քրիստոնէական կենցաղով, պատրաստ ըլլալով միշտ` ձեռք երկարել անոնց որ կարիք ունին, առանց ուրիշները դատելու։ Յառաջ ընթացէք եւ միշտ միացած եղէք Յիսուսի - ըսաւ Քահանայապետը խօսքը եզրափակելով ու ապա Աստուածամօր հովանիին յանձնեց ներկաները, անոնց ընտանեկան պարագաները եւ դաստիարակները ու ապա բոլորին մաղթեց` Բարի Սուրբ Ծնունդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.