Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւնը Քիեւը փրկած է սնանկացումէ. Ազարով
ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Պատասխանելով կառավարութեան քննադատներուն՝ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ
Ազարով Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18ին յայտարարած է, որ Ուքրանիա պիտի սնանկանար, եթէ այս
շաբթուան ընթացքին Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն կարելի չըլլար կնքել: Մոսկուա համաձայնած
էր 15 միլիառ տոլարի վարկ ու աժան գինով կազ տրամադրել Ուքրանիոյ: Վարչապետը միաժամանակ
յայտնած է, թէ կառավարութիւնը, Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդարձակման
շուրջ աշխատանքներու ծիրին մէջ, կը պատրաստուի հինգ համաձայնագիր ստորագրելու: Միւս
կողմէ, Գերմանիոյ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայըր «գայթակղութիւն»
որակած է Ուքրանիոյ հարցով Ռուսիոյ միջամտութիւնը, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար
Սերկէյ Լաւրով յայտնած է. «Իր ազգային շահերուն հարցով Քիեւի վրայ ճնշում բանեցնելու
անամօթ փորձերը կը զարմացնեն մեզ»: