Կարտինալ Քիւրդ Գոխի այցելութիւնը Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Պատրիարքին։ ''Օրթոտոքս
եկեղեցւոյ պետը մեծ ակնկալիքներ ունի ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն''։
Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը ընդունելով Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական
խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Քիւրդ Քոխ, յայտնած է որ մեծ յոյսեր դրած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին
վրայ, քանի ''անոր բանաձեւած բազմաթիւ կեցուածքներն ու առաջարկները կը համապատասխանեն
մեր տեսութեան, յատկապէս անոնք որ կը հային Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հալածանքին
եւ Ընտանիքի մարտահրաւէրին ։
Պատրիքրը կը խորհի որ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու
միջեւ երկխօսութիւնը էական է ներկայ ժամանակներուն։ Հինգ օրուայ կեցութեան ընթացքին
Կարտինալ Քոխ հանդիպում ունեցաւ Դաշնակցային Ռուսիոյ փոխ արտգործ նախարար` Մեշխովին հետ։
Յայտնենք որ Անցեալ ամիս Վատիկանէն երեք բարձրաստիճան եկեղեցականներ այցելութիւն
կատարեցին Դաշնակցային Ռուսիոյ. կարտինալ Փուփառ` քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի
վաստակաւոր նախագահը, Կարտինալ Սքոլա` առաջնորդը Միլանոյի թեմին եւ գերապայծառ Բալիա`
նախագահը ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին։