''Աղօթենք Աստուծոյ որ մեզի պարգեւէ շնորհքը ականատես ըլլալու աշխարհի մը ուր ոչ մէկը
մեռնի անօթութեան պատճառաւ։'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը 19 դեկտեմբերի հրատարակած իր թուիթին
մէջ։ Նորին Սրբութիւնը` աշխարհի վրայ տիրող ''անօթութիւնը'' որակած է որպէս ամենամեծ
''գայթակղութիւնը'' որովհետեւ արտադրուած կերակուրով կարելի է սնուցել աշխարհի բոլոր
մարդիկը, սակայն մսխումներու պատճառաւ շատեր սնունդի պակասէ կը տառապին եւ շատեր անօթութեան
պատճառաւ կը մահանան։