2013-12-19 10:32:11

Ուքրանիա Եւրոպական միութեան հետ համագործակցութեան ընդլայնման շուրջ աշխատանքներ


Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով յայտարարած է, որ ուքրանական կառավարութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդլայնման շուրջ աշխատանքներու ծիրին մէջ կը պատրաստուի հինգ համաձայնագիր ստորագրելու:
«Մեր կառավարութիւնը, ինչպէս կը նախատեսուէր, պիտի շարունակէ եւրոպական համարկման շուրջ համակարգային աշխատանքը: Այսօր կառավարութիւնը «կանաչ լոյս» կու տայ Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ հինգ համաձայնագիրներու ստորագրման», ըսած է Ազարով:
Ան նշած է, որ այդպիսի փաստաթուղթերու շարքին են համաձայնագիրներ, որոնք կ՛աջակցին Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համաձայնութիւններուն` ուղղուած «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի ծիրին մէջ հաստատութենական բարեփոխումներ կատարելուն, հասարակութեան ուղղուած «Տեղական զարգացում» ծրագիրները, Ուքրանիոյ աջակցութեան ծրագիրները` գաղթի հոլովոյթներու կառավարման եւ ապաստանի տրամադրման հարցով:
Բացի ատկէ, վարչապետը նշած է Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ հիւլէական անվտանգութեան տարեկան ծրագիրը, Ուքրանիոյ ուժանիւթային ռազմավարութեան զարգացման իրականացման աջակցութեան շարունակութիւնը, որ կը նախատեսէ շրջակայ միջավայրի ապականութեան կրճատում:







All the contents on this site are copyrighted ©.