2013-12-19 10:26:10

Կարտինալ Սանտրիի միջամտութիւնը ''ի՞նչ կը խնդրէ Սուրիան'' հանդիպումին։


17 դեկտեմբեր 2013, Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին, խօսք առաւ ''հաղորդութիւն եւ ազատագրում'' Եկեղեցական շարժումի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ''ի՞նչ կը խնդրէ Սուրիա'' զրոյց - հանդիպումին։

Կարտինալը իր միջամտութեան սկիզբը ըսաւ. ''կը գտնուինք Յիսնակաց շրջանին մէջ, որպէս նախապատրաստութիւն Յիսուսի ս. Ծննդեան։ Եկեղեցին Յիսնակացին այսպէս կ'աղօթէ. ''Տէրը մեզ կը դիմաւորէ եւ մենք կը դիմաւորենք Տէրը ամէն մարդու մէջ ու ամէն ժամանակի մէջ, որովհետեւ զայն կ'ընդունինք հաւատքով եւ սիրոյ վկայութեամբ ու յոյսով''։
Հաւատացեալի ու բարի կամք ունեցող մարդու համար Սուրիոյ ողբերգութիւնը հրաւէր մըն է մեր սէրն ու յոյսը յայտնելու Սուրիոյ ժողովուրդին։
Ընդունելով Հալէպի Լատիներու առաքելական փոխանորդը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ. ''Սուրիոյ ժողովուրդին ողբերգութիւնը միշտ սրտիս մէջ է''։
''Մենք եւս կանչուած ենք ապրելու Սուրիոյ ողբերգութիւնը'' ըսաւ կարտինալը յայտնելով որ ''Յաճախ շփման մէջ է Սուրիոյ մէջ իրենց առաքելութիւնը կատարող եկեղեցականներուն հետ։ Անոնք թարգմանը կը հանդիսանան վիրաւորեալ հաւատացեալներուն, որոնք կը գտնուին ճգնաժամային փորձութեան դիմաց` թողուլ ամէն ինչ եւ հեռանալ հայրենիքէն։ Կարտինալը ապա մատնանշեց թէ ''Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորապէս Սուրիոյ քրիստոնեաները իրենց հայրենիքին մէջ կ'ապրին ոչ թէ ատելու այլ միասնաբար սիրելու։ Մեր աղաղակը կը բարձրացնենք առ Աստուած որպէսզի լսէ մեր ճիչը եւ յուզէ մարդոց սրտերը ու զանոնք առաջնորդէ դէպի բարին, դէպի հաշտութիւն եւ դէպի խաղաղութիւն։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, անցեալ սեպտեմբերին, Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթքի հսկումին ընթացքին ըսաւ.''ամէնքս կանչուած ենք արդար պայքար մղելու չարին դէմ։ Ի՞նչ բանի կը ծառայէ պատերազմ հռչակել եթէ ի վիճակի չես պայքարելու չարին դէմ'', հարց տուած էր Սրբազան Հայրը։
Չարին դէմ պայքար մղել կը նշանակէ ո՛չ ըսել եղբայրասպան ատելութեան, ո՛չ ըսել սուտին, ո՛չ ըսել բռնութեան բոլոր երեւոյթներուն եւ ո՛չ ըսել զէնքի ծաւալումին ու վաճառքին։
Միջին Արեւելքի ու Սուրիոյ մէջ հարկաւորութիւնը կայ դաստիարակութեան։ Եթէ մարդը կարող է մտածել ու գործադրել չարը, նոյնպէս եւ կարող է հակազդել չարին։ Սուրիոյ քիմիական զէնքը ինքնին փաստ մըն է։ Տամասկոսի կառավարութիւնը այդ նախաձեռնութեամբ վերջ տուաւ այդ աշխարհամասի անկայունութեան վտանգին։ Մարդուն խաղաղութեան ի նպաստ առաքելութիւնը կը յիշեցնէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ներկայութիւնն ու դերը։ Անոնք կանչուած են ըլլալու աղն ու թթխմորը ընկերութեան - ըսաւ Կարտինալը - հուսկ դիտել տուաւ. ''մոռնալու չենք որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները երկու հազար տարիէ բնակութիւն հաստատած են այնտեղ եւ համակեցութեամբ ապրած են այլ կրօններու հաւատացեալներուն հետ''։
Արեւելեան Ժողովի կառավարիչը իր միջամտութիւնը եզրափակեց ընդգծելով ''իրաւական վիճակի'' ստեղծումի հարկաւորութիւնը, ոչ մահմետական կարգ մը խմբակներու համար, որոնք կ'ապրին իսլամական պետութիւններու մէջ։
Յայտնենք որ Միջին Արեւելքի կլոր սեղանին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը` տիար Մարիօ Մաուրօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.