2013-12-19 09:58:16

Լուպլինի Համալսարանի Ոսկեայ Վկայագիրի տուչութիւն ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ


Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ ընկերակցութեամբ Սբ. Կուսի Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեանի, Երկուշաբթի 2 Դեկտեմբեր 2013-ին մեկնած էր Վարշաւիա (Լեհաստան), իր նստավայրը վերադարձաւ Կիրակի, 14 Դեկտեմբեր 2013-ին։

Վարշաւիոյ մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախագահեց Լուպլինի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Կաթողիկէ Համալսարանին կողմէ կազմակերպուած՝ ՛՛‏Լվովի Հայ Հովիւը, Յովսէփ Արքեպս. Թէոտորովիչ՛՛ գիտաժողովին, մեծանուն հայ կաթողիկէ հոգեւորականի մահուան 75-րդ տարելիցին առթիւ։ Գիտաժողովէն առաջ, Համալսարանի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեհաստանի պատմական հայկական գաղութի մասին ՛՛Հայերը միշտ հաւատարիմ՛՛ խորագրեալ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որուն յաջորդեց գիտաժողովը։

Նախքան գիտաժողովին հանդիսաւոր բացումը, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը առանձնազրոյց մը ունեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Համալսարանի տեսուչ հայր Անթոնի Տեպինսքիին հետ։

Գիտաժողովին բացման խօսքէն ետք, զոր արտասանեց Համալսարանի Եկեղեցւոյ եւ Հայրաբանութեան պատմութեան Կաճառի տնօրէնը, Փրոֆ. Փալուչքի, տեղի ունեցաւ Համալսարանին Ոսկեայ Վկայագիրին ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տուչութեան արարողութիւնը։ Համալսարանի աստուածաբանութեան կաճառի տեսուչ Հայր Միրոսլաւ Գալինովսքի ներկայացուց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ հրաւիրեց զինք ստանալու Ոսկեայ Վկայագիրը։
Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք իր անձին ընդմէջէն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուղղուած մեծարանքին համար, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ Հայ ժողովուրդին հովուական խնամատարութիւնը նիւթին շուրջ։
Այնուհետհեւ յաջորդաբար խօսք առնող դասախօսներու շարքին էր նաեւ Ք. Լեւոնեան հայ վարժարանի տեսուչ՝ Հայր Գէորգ ծ.վ. Նորատունկեան, որուն ելոյթի թեման էր «Հայերը եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Կաթողիկէ Վարժարանի արխիւներուն մէջ»։
Գիտաժողովին փակումը կատարուեցաւ ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ նախագահութեամբ՝ Արհի. Սթանիսլաւ Պուժիք արքեպիսկոպոսին կողմէ Լուպլինի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով։ Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պատրիարքական սուրբ Վարդան Շքանշանով պարգեւատրեց իրաւաբան Մաժէյ Բոհոսովիչը։







All the contents on this site are copyrighted ©.