2013-12-19 10:03:00

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի Գոհաբանութեան Տօնակատարութիւն


Ամէն տարի, Նոյեմբեր ամսուն, Հայ Քոյրերու վարժարանէն ներս տարբեր մթնոլորտ մը կը տիրէ՝ ջերմ եւ մտերմիկ: Գոհաբանութեան տօնի նախապատրաստական աշխատանքները կը սկսին Նոյեմբերի սկիզբէն՝ աղօթքներով, պատարագով, ընթերցումներով եւ յատուկ երգերով, գոհութիւն տալու Աստուծոյ։ Որպէս գործնական աշխատանք, վարժարանը կ՛իրագործէ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հանգանակութիւն, որուն համար Հայկական բաժանմունքը աշակերտները կը քաջալերէ նուիրաբերելու իրենց խնայողութիւններէն, մեկնելով «ունեցածէդ բաժին հանել կարիքաւորին» սկզ-բունքէն։
Վարժարանի աշակերտները այս տարի եւս իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերին դրամահաւաքին՝ իրենց խնայողութիւններէն բաժին հանելով Արցախի ճամբու շինութեան ծրագիրին եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի Հայ Քոյրերու վարժարանի իրենց քոյր եղբայրներուն։
Վարժարանի տիկնանց օժանդակ մարմինն ալ նուազ աշխոյժ չէ Նոյեմբեր ամսուան, համագործակցութեամբ տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան: Անոնք գնահատելի աշխատանք տարին՝ ի մի բերելու վարժարանիս ծնողները, աշակերտները, ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը, զանոնք համախմբելով աւանդական հնդկահաւին շուրջ, միասնաբար շնորհակալութիւն յայտնելու համար Աստուծոյ:
Այս առիթով, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26ին, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները հիւրասիրուեցան հնդկահաւով, իսկ մանկապարտէզի աշակերտներու ճաշին հրաւիրուած էին նաեւ ծնողները:
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Գոհաբանական տօնի յատուկ աղօթք՝ մատուցուած 8րդ դասարանին կողմէ, իսկ իւրաքանչիւր դասարանէ աշակերտ մը ներկայացուց իր ընկերներուն կողմէ աղօթք մը եւ յատուկ խնդրանք, Աստուծմէ խնդրելով աշխարհի խաղաղութիւն, առատութիւն եւ հայրենիքի ու հայրենի ժողովուրդի բարգաւաճում։ Նոյն առաւօտ ժամը 9ին տեղի ունեցաւ աշակերտական պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Գրիգոր վրդ. Շահինեանը, որ պատշաճ քարոզով մը ներշնչեց աշակերտները օրուան խորհուրդով։
Նոյն օրուան կէսօրին, վարժարանիս ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը տնօրէնութեան հետ միասնաբար ունեցան իրենց աւանդական գոհաբանութեան ճաշը, եւ իւրաքանչիւր նուիրեալ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Աստուծոյ՝ իրեն պարգեւած բարիքներուն համար։
Գոհաբանութեան օրուան առիթով նաեւ ծնողաօժանդակ մարմինին կողմէ կազմակերպուած էր ընտանեկան աւանդական ընթրիք, Շաբաթ, Նոյեմբեր 23ի երեկոյեան, վարժարանիս «Դա-նիէլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանիս մայրապետներուն, ծնողներու, աշակերտներու եւ հիւրերու: Ձեռնարկը մեծ յաջողութիւն գտաւ: Գեղեցկօրէն զարդարուած սրահը առատ եւ համադամ ուտելիքները, ընթրիքի ընթացքին կիթառի մեղմ երաժշտութիւնը ներկաներուն պարգեւեցին հաճոյալից երեկոյ մը։ Տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ ծնողաօժանդակ մարմինի ատենապետուհի Տալիթա Տէր Պետրոսեանը: Ան ներկայացուց օժանդակ մարմինի ժրաջան տիկինները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, ապա ընթացք առաւ երեկոն հաճելի եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, զոր եւս աւելի խանդավառեց Լոռի Թաթուլեանը եւ իր խումբը:
Ուշ ժամերուն ներկաներն ու կազմակերպիչները գոհունակութեամբ բաժնուեցան սրահէն, յաջորդ ձեռնարկին հանդիպելու մաղթանքներով։
Շնորհակալութեամբ յիշենք, որ դպրոցէն ներս հիւրասիրուած եւ վաճառելի բոլոր հնդկահաւերը պատրաստուած էին վարժարանիս խոհանոցին մէջ, կարգ մը նուիրեալ, շրջանաւարտ եւ ներկայ ծնողներու կողմէ։ Նաեւ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին, որպէսզի Նոյեմբեր ամսուան ձեռնարկներն ու հանգանակային միջոցառումները իրականութիւն դառնան։
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.