2013-12-18 15:00:35

Ֆրանչիսկոս Քահանայպետը կը ստանայ Բեթհեղէմի խաղաղութեան լապտերը։


Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին , Ավստրիոյ թեմէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ, մասնակցեցան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդութեան, որուն աւարտին, Ավստրիացի մանուկ մը, Նորին Սրբութեան յանձնեց ''Բեթղեհէմի խաղաղութեան լապտերը'' ներկայացնելով անոր կանթեղ մը վառ ճրագով, ինչպէս պատահած էր նախորդ քահանայապետներուն՝ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶի օրով։
Նշենք, թէ այս աւանդութիւնը սկիզբ առած է 1986 թուականին եւ տարիներուն ընթացքին, խաղաղութեան ճրագը՝ դարձած է Սուրբ Ծնունդի խորհրդանիշը։Հետեւաբար, ամէն տարի, Սուրբ Ծնունդին առթիւ մանուկ մը կը վառէ Բեթղեհէմի քարայրին մէջ զետեղուած կանթեղը ի նշան լոյսի եւ խաղաղութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.