2013-12-18 11:42:25

Ռուսիա 15 միլիառ տոլարի վարկ կը տրամադրէ Ուքրանիոյ


ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, Ուքրանիոյ ընդդիմութիւնը զայրոյթով հակադարձեց այն տեղեկութեանց, որ Մոսկուայի մէջ կայացած երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպման ընթացքին գոյացած համաձայնութեան մը շնորհիւ, Ռուսիոյ իշխանութիւնները որոշած են 15 միլիառ տոլարի վարկ տրամադրել նիւթական դժուարութիւններ դիմագրաւող Ուքրանիոյ իշխանութեանց:
Ռուսիա նաեւ համաձայնած է յարմար գինով բնական կազ ծախելու Ուքրանիոյ, ինչ որ կարգ մը տնտեսագէտներու արժեւորումով՝ մօտաւորապէս 5 միլիառ տոլարի օժանդակութեան համազօր քայլ մը կը նկատուի:
Ընդդիմութեան ղեկավարութիւնը Երեքշաբթի օր կոչ ըրաւ շարունակելու հակակառավարական ցոյցերը, մինչեւ կառավարութեան հրաժարումը:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Անտրէյ Պելռուսով մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Ուքրանիոյ տնտեսութեան կայունութիւնը կարելի պիտի չըլլայ պահպանել, եթէ նման վարկ մը չտրամադրուի:
Միւս կողմէ, «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան դուռը բաց է Ուքրանիոյ հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար, սակայն Ուքրանիան «տակաւին կարողութիւնը չունի անկէ ներս մտնելու»:
«Բրիտանիա կը զօրակցի Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ սերտ կապերուն: Ուքրանիա պէտք է որոշում տայ՝ առանց արտաքին ճնշումի, իսկ անոնք, որոնք կ՛ուզեն Ուքրանիոյ դէմ բողոքել, պէտք է ատիկա ընեն խաղաղ ճամբով: Աւելի բաց եւ ժողովրդավարական Ուքրանիան ձեռնտու է շրջանի բոլոր երկիրներուն, ներառեալ՝ Ռուսիոյ», ըսած է ան:
Աւելի կանուխ, Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման աշխատանքները դադրած են, որովհետեւ Ուքրանիոյ նախագահին եւ կառավարութեան խօսքերն ու արարքները իրարու չեն համապատասխաներ:
Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ այդ եւրոպական արժեչափերուն հասնելու համար, Եւրոպական Միութենէն կը պահանջուի 20 միլիառ եուրօ, սակայն Պրիւքսէլ պատրաստ չէ նման գումար տրամադրելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.