2013-12-18 11:42:34

Հայաստանը դարձաւ UNESCO-ի զինուած հակամարտութեան պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան կոմիտէի անդամ


UNESCO-ի կեդրոնակայանին մէջ, Փարիզ, Դեկտեմբեր 16-17-ին կայացած է Զինուած հակամարտութեան պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954-ի Հաագայի համաձայնագիրի Երկրորդ արձանագրութեան անդամ պետութիւններու 5-րդ հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը:
Հանդիպման ծիրէն ներս Դեկտեմբեր 17-ին կայացած են Զինուած հակամարտութեան պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան կոմիտէի անդամներու ընտրութիւնները: Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանը դարձաւ կոմիտէի անդամ` չորս տարի ժամկէտով







All the contents on this site are copyrighted ©.