2013-12-17 11:32:11

ՄԱԿ.Սուրիացիներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար կը պահանջուի 6,5 միլիառ տոլար


ՄԱԿ-ը յայտարարած է Սուրիոյ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար 6,5 միլիառ տոլար հաւաքել կը հաղորդէ BBC-ն:
Կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն` 2014-ին Սուրիոյ բնակչութեան (22,4 միլիոն) 75%-ին անհրաժեշտ պիտի ըլլայ մարդասիրական օգնութիւն:
Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն` Սուրիոյ շարք մը շրջաններու մէջ հացը սղած է 500%-ով, եւ հարցումներուն մասնակցող իւրաքանչիւր հինգ սուրիացիէն չորսը մտավախութիւն ունի, որ կը մնայ առանց սնունդի:
ՄԱԿ-ը մտադիր է 2014-ին մարդասիրական ծրագիրներու համար հաւաքել 13 միլիառ տոլար, որմէ 2,3 միլիառ տոլարը պիտի ուղղուի Սուրիոյ տարածքին գտնուողներուն համար նախատեսուած ծրագիրներուն, իսկ 4,2 միլիառը` սուրիացի փախստակններուն, որոնք կը բնակին Սուրիոյ հարեւան երկիրներուն մէջ:
ՄԱԿ-ի մարդասիրական օգնութեան համակարգող\ Վալերի Ամոս, Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը ժամանակակից ամենածանր ճգնաժամերէն մէկն կը համարէ: Անոր խօսքով` սուրիացի փախստականները կը կարծեն, որ աշխարհը զիրենք մոռցած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.