Թուրքիա յունիսէն ի վեր Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան 47 թոն զէնք ու զինամթերք ուղարկած
Է
ՄԱԿ-ի առեւտրական գործառնութեանց արձանագրութեանց հիմամբ փաստաթուղթերու համաձայն, Թուրքիա
յունիս ամսուընէ ի վեր Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան 47 թոն զէնք ու զինամթերք ուղարկած
է, հակառակ թրքական կառավարութեան կողմէ այդ ուղղութեամբ շարունակուող հերքումներուն: ՄԱԿ-ի
արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ Թուրքիա անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին տարբեր
քանակի զէնքեր ուղարկած է Սուրիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր զինեալներու: Մեծագոյն քանակը
արձանագրուած է սեպտեմբերին, երբ 29 թոն զէնք ուղարկուած է: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»
կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լեւենթ Կիւմրիւքճիւ սկիզբը
հերքած է այդ թիւերը, սակայն հետագային «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հաստատած է, որ ՄԱԿ-ի թիւերը
հիմնուած են Թրքական վիճակագրական հիմնարկին կողմէ կատարուած նախկին արձանագրութիւններուն
վրայ: Հիմնարկը Սուրիա ուղարկուած այդ զէնքերը արձանագրած է իբրեւ «զինուորական օգտագործում
չունեցող զէնքեր»: Այս դասակարգումը, որ որսի զէնքեր կը ներառէ, սակայն ոչ քալաշնիքովներու
նման զէնքեր, պետութիւններուն կ՛արտօնէ շրջանցելու Սուրիա զէնք ուղարկելու դէմ հաստատուած
արգելքը: Թուրքիա շարունակ հերքած է, որ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն զինուորական օժանդակութիւն
կը տրամադրէ, հակառակ շարք մը զեկուցումներու, որոնք հակառակը կը պնդեն: Միւս կողմէ,
սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ Դամասկոս մինչեւ
հիմա «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան համար հրաւէր կամ այդ ժողովին վերաբերեալ
մանրամասնութիւններ չէ ստացած: Աղբիւրը նշած է, որ Սուրիոյ համար Իրանի` «Ժընեւ-2»
խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը շատ կարեւոր ու կենսական է եւ ընդհանուր առմամբ աւելի
լաւ է` քան Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ կամ Սէուտական Արաբիոյ մասնակցութիւնը: Սուրիական
«Ուաթան» օրաթերթը նաեւ հաղորդեց, որ դանիական եւ նորվեկիական երկու նաւեր Կիպրոսի մօտ
կը սպասեն Սուրիա ուղղուելու` քիմիական զէնքերու մէկ մասը դեկտեմբերի վերջաւորութեան
փոխադրելու համար: Մինչ այդ, «Նաշրա» կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ Նոր Հալէպի շրջանին
մէջ Քահրուպա նախակրթարանին վրայ ինկած հրասանդային հրթիռի մը պատճառով երեխայ մը սպաննուած
եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած են: