2013-12-17 11:33:39

Ըստ «Ուաֆտ» օրաթերթին. Զօր. Ապտելֆաթթահ Սիսի համաձայնած է նախագահ առաջադրուելու, սակայն պայմաններով


Լաւատեղեակ աղբիւր մը եգիպտական «Ուաֆտ» օրաթերթին յայտնեց, որ վերջին օրերուն Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար զօր. Ապտելֆաթթահ Սիսի իր մտերիմներուն կողմէ մեծ ճնշումներու ենթարկուելէ ետք, Եգիպտոսի նախագահի պաշտօնին առաջադրուելու գաղափարին համաձայն գտնուած է, «սակայն պայմաններով եւ որոշ մեքանիզմներու հիմամբ, զորս ատենին պիտի նշէ»:
Եգիպտական Ազգային փրկութեան ճակատի ղեկավարներէն Ժորժ Իսհաք, անդրադառնալով նշեալ զարգացումին, յայտնեց, որ ինք չէր փափաքեր, որ զօր. Սիսի նախագահութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրէ, այլ կը ցանկար, որ ան շարունակէր եգիպտական բանակը գլխաւորել, որովհետեւ բանակը եգիպտացիներուն մնացող միակ հաստատութիւնն է:
Ան աւելցուց սակայն, որ «Սիսի եգիպտացի քաղաքացի մըն է եւ ոեւէ այլ քաղաքացիի նման իրաւունք ունի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրելու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.