2013-12-16 13:02:19

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ելոյթը Իտալական Լա Սդամբա օրաթերթին հետ։


15 դեկտեմբերին, Իտալական Լա Սդամբա օրաթերթի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երկարօրէն անդրադարցաւ Եկեղեցւոյ ներկայ բարենորոգումի տածած աշխատանքին, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ ամուսնացած եւ ապա ամուսնալուծուած հաւատացեալներու կացութեան, Վատիկանի դրամատան, Յիսուսի ս. Ծնունդի նշանակութեան եւ Սուրբ Երկիր կատարելիք առաքելական այցելութեան մասին։

Սրբազան Քահանայապետը հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց թէ ինք ''մարքսիստ'' չէ, ինչպէս կարգ մը ամերիկացի նոր-աւանդապաշտներ զինք որակած են, որովհետեւ չեն գնահատեր աղքատներու ու շահագործուածներու հանդէպ իր պաշտպանողական դիրքը։''Մարքսիզական գաղափարախօսութիւնը վրիպական է'' ըսած է Քահանայապետը ու հաստատած` ''իմ կեանքիս մէջ բազմաթիւ բարի մարքսիստներու հանդիպած եմ''։
Խօսելով ապա Համամիութեան մասին Նորին Սրբութիւնը մատնանշած է ամէն դաւանանքի պատկան անհամար քրիստոնեայ հաւատացեալներու մարտիրոսութեան - ըսելով` ''ինծի համար համամիութիւնը առաջնակարգ է, քրիստոնեաները արդէն կ'ապրին ''արեան համամիութիւնը'' ։
Խօսելով հուսկ հռոմէական Եկեղեցւոյ կառավարութեան բարենորոգումին մասին Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ ''յառաջիկայ փետրուարին, 8 կարտինալներու խորհուրդը երրորդ անգամուան համար պիտի ժողովի եւ դրական առաջարկներ պիտի ներկայացնէ''։
Անդրադառնալով Վատիկանի դրամատան մասին Սրբազան Հայրը կը յայտնէ որ Առաքելական Աթոռի ստացուածքի վարչութիւնը կարող է դառնալ Վատիկանի կեդրոնական դրամատուն։ Այդ դրամատունը սկզբունքով ստեղծուած է օգնութեան հասնելու Եկեղեցւոյ զանազան առաքելութիւններուն։
Իսկ կիները Կարտինալ ըլլալու թեկնածութեան հարցումին պատասխանելով, Սրբազան Հայրը ըսաւ` ''Եկեղեցւոյ մէջ կիները պէտք են աւելի արժէքաւորուիլ եւ ոչ կղերականացուիլ''։
Ամուսնալուծուած հաւատացեալներու մասին արտայատուելով Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ 2014-ի եւ 2015-ի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսներուն ընթացքին շատ մը հարցեր պիտի խորացուին եւ լուսաբանուին։
Հարցազրոյցին ընթացքին Սրբազան Հայրը երկարօրէն խօսեցաւ նաեւ Յիսուսի ս. Ծնունդի նշանակութեան մասին։ ''Անիկա - ըսաւ Քահանայապետը - հանդիսացաւ Աստուծոյ հանդիպումը իր ժողովուրդին հետ։ Երբ քրիստոնեան կը մոռնայ յոյսն ու գթութիւնը, Եկեղեցին կը դառնայ պաղ ու տրտում եւ հաւատացեալը կը կորսուի գաղափարախօսութեան մէջ։ Յիսուսի Ծնունդը ցնծութեան աւետումն է։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա վերահաստատեց իր կամքը այցելելու Ս. Երկիրը, 2014-ին, ոգեկոչելու այն պատմական հանդիպումը Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Աթենակորասին միջեւ որ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ 1964-ին։
Յայտնենք որ հարցազրոյցը կատարեց Վատիկանի մօտ հաւատարամագրուած իտալացի Անտրէա Թորնիելլի լրագրողը։ հացազրոյցի ընթաքցին Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ մանուկներու տառապանքի ու աշխարհի մէջ անօթութեան ողբերգութեան մասին։
-----------------------------------------------------------------







All the contents on this site are copyrighted ©.