2013-12-16 12:18:33

''Երբ Եկեղեցւոյ մէջ կը պակսի մարգարէութիւնը, կը պակսի Աստուածային կենցաղը, կը տիրապետէ կղերապաշտութիւն'' - յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը։


Երկուշաբթի, 16 դեկտեմբեր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Քորէայի Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած դեսպան` Տիար Ֆրանչէսքօ Քիուկ-սուրք Քիմ, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։ Յայտնենք որ այս տարի կը նշուի Սուրբ Աթոռի եւ Քորէայի հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 50 ամեակը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յաջորդաբար ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի, Գաղթականներու եւ Փախստականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիօ եւ Քոնկոյի ու Կապոնի հանրապետութիւններու մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայածռ Եան Ռոմէօ Բաոլովասքին։

Իսկ առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ''Երբ Եկեղեցւոյ մէջ կը պակսի մարգարէութիւնը, կը պակսի Աստուածային կենցաղը, կը տիրապետէ կղերապաշտութիւն''։ Մարգարէն - ըսաւ Քահանայապետը - ան է որ կ՛ունկնդրէ Աստուծոյ խօսքը եւ գիտէ ըմբռնել ներկան ու ձգտիլ ապագային։ Ան իր մէջ ունի անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Անցեալին մէջ Մարգարէն կը տեսնէ ու կը ճանչնայ Աստուծոյ տուած խոստումը։ Ապա ներկային մէջ, նայելով իր ժողովուրդին, կը քաջալերէ զայն, խոստումի հիման վրայ, ընթանալու դէպի ապագայ։ Եւ երբ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ կը պակսի մարգարէութիւնը, անոր ու Աստուծոյ խօսքին տեղ կղերապաշտութիւնը կը տիրապետէ։
Այս օրերուն երբ կը պատրաստուինք Սուրբ Ծննդեան տօնին`- ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզի աւարտին - աղօթե՛նք ''Տէր թող չի պակսին քու ժողովուրդիդ մարգարէները։ Տէր չի մոռնանք քու խոստումդ եւ չի յոգնինք յառաջ նայելէ։ Տէր ազատագրէ ժողովուրդդ կղերապաշտութիւնէն եւ օգնէ զայն մարգարէական հոգիով''։







All the contents on this site are copyrighted ©.