2013-12-15 09:55:12

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ'օրհնէ ''Մանուկ Յիսուսի'' արձանիկները եւ կը հանդիպի համալսարանական կազմաւորումի ''Վիլլա Նազարէթ'' կեդրոնի հասարակութեան։


Կիրակի, 15 դեկտեմբեր, կէսօրին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, աւանդութեան համաձայն, օրհնեց տուներու` դպրոցներու եւ մսուրներու մէջ զետեղուելիք ''Մանուկ Յիսուսի'' արձանիկները։ Նախաձեռնութիւն մը որ կը կատարուի ամէն տարի, Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին եւ որ կազմակերպուած է ''Հռոմի Քրիստոնէականի Կեդրոնավայրերու'' կողմէ։
Նշենք որ ''Մանուկ Յիսուսի'' արձանիկներու օրհնութեան արարողութենէն առաջ` աւելի քան 6000 մանուկներ ու անոնց ընկերացող ուխատւորներ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10ին, մասնակցեցան` Վատիկանի Պետութեան Քահանայապետի տեպապահ` Կարտինալ Անճէլօ Քոմասդրիի գլխաւորած Սուրբ Պատարագի Զոհին։
Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը ''Օրհնութիւններու'' սրահին մէջ հանդիպեցաւ համալսարանական կազմաւորումի ''Վիլլա Նազարէթ'' կեդրոնի հասարակութեան անդամներուն, որոնք առաւօտեան տասին նոյն դահլիճին մէջ մասնակցած էին Սրբազան արարողութեան։ Վերոյիշեալ կազմաւորումի կեդրոնը ծնունդ առած է 1946-ին ապա 13 յունուար 1963-ին Յովհաննէս ԻԳ երջանկայիշատակ Քահանայապետը, ինքագիր նամակով կը հաստատէ ''Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի'' անուամբ հիմնարկը որ կ՛երաշխաւորէ ''Վիլլա Նազարէթ'' համալսարանական կազմաւորումի կեդրոնը որ ունի Քահանայապետական Իրաւասութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.