Յունական սփիւռքը Միացեալ Նահանգներէն կը պահանջէ Ս. Սոֆիայի տաճարին իբրեւ մզկիթ օգտագործումը
չարտօնել
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու յոյն համայնքի կազմակերպութիւնը խնդրագիր
յղած է քոնկրեսին` պահանջելով միջամտել Պոլսոյ մէջ Ս. Սոֆիա տաճարը իբրեւ մզկիթ օգտագործելու
Թուրքիոյ ծրագիրներուն: Միացեալ Նահանգներու յոյն համայնքի ղեկավարներու խորհուրդի
պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Քոնկրեսի անդամներու հետ եւ անոնց ներկայացուցած
ամբողջ աշխարհէն աւելի քան 25 հազար ստորագրութիւններով հաղորդագրութեան բնագիրը: Փաստաթուղթին
մէջ բողոք կը յայտնուի թուրք պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն վերաբերեալ: Պատուիրակութիւնը
Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է միջամտելու: Ըստ խորհուրդի ներկայացուցիչներուն,
քոնկրեսականները, որոնց հետ իրենք հանդիպած են, «իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Ս. Սոֆիայի
տաճարին մասին թուրք պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ուղղափառութեան
եւ հելլենականութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ընդհանուր գործողութիւններուն վերաբերեալ»: Միացեալ
Նահանգներու յոյն համայնքի ղեկավարներու խորհուրդը ստորագրութիւններով հաղորդագրութիւններ
ուղարկած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին: