2013-12-14 13:45:32

Հայ համալսարանականները ըսելիք եւ ընելիք ունին մեր կեանքին մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս


Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին, երէկ` Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին շահեկան զրոյց մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի թանգարանին մէջ: Այս Մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը:
Մեծամասնութեամբ համալսարանաւարտներու եւ համալսարանական ուսանողներու ու դասախօսներու ներկայութեան կազմակերպուած այս զրոյցին խօսք առին Անի Բագրատունի, Կարօ Յովհաննէսեան, տոքթ. Վարուժան Պետիրեան եւ Քրիստին Սարգիսեան:
Շուրջ երկու ժամ տեւած այս ձեռնարկին համախմբումի ատենապետ Յակոբ Հանտեանի ողջոյնի եւ բացման խօսքէն ետք խօսք առաւ ուսուցչուհի Անի Ուրֆալեան- Բագրատունի, որ յետադարձ հակիրճ ակնարկով անդրադարձաւ հայ մօր եւ հայ կնոջ դերակատարութեան, իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն` հայ ընկերութեան մէջ: Պատմական իւրաքանչիւր շրջանէն օրինակներ նշելով` Անի Բագրատունի ընդգծեց հեթանոսական շրջանէն մինչեւ մեր օրերը հայուհիին վիճակուած դերն ու ճակատագիրը, որ հիմնականին մէջ կը համընկնէր հայկական աւանդական ընտանեկան բարքերուն եւ օրէնքներու տրամադրութիւններուն, հիմնուած` առաւելաբար Մխիթար Գոշի եւ Սմբատ Սպարապետի մշակած օրէնսգիրքին վրայ: Ապա ան թուեց այդ իրավիճակի կրած փոփոխութիւնները` հետեւելով իւրաքանչիւր շրջանի պարտադրած թէ ստեղծած պայմաններուն, անցնելով 19-րդ դարէն, ուր կարգ մը հայուհիներ բարեկարգչական պահանջներով ելոյթ ունեցան` խիստ քննադատութեան ու հետապնդումի ենթարկուելով: Բագրատունի ընդգծեց, թէ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը խիստ մեծ հարուած տուաւ մեր ժողովուրդին, մեր բարքերուն, մեր ընտանիքին:
Ապա խօսք առաւ Կարօ Յովհաննէսեան, որ անդրադարձաւ հայ կնոջ տիպարին, որուն գործունէութեան առանցքը պէտք է կազմէ իր ընտանիքի հոգատարութիւնը: Յովհաննէսեան մէջբերումներ կատարեց Քսենոֆոնէն, Սոկրատէն, Ժպրան Խալիլ Ժպրանէն, Գրիգոր Զօհրապէն, Մուրացանէն եւ այլ մտաւորականներէ` պարզելով կնոջ ու յատկապէս հայ կնոջ վիճակուած եւ իրմէ ակնկալուած դերը հայ ընկերութեան մէջ:
Երրորդ խօսողն էր տոքթ. Վարուժան Պետիրեան, որ իր հանդիպած պարագաներէն օրինակներ նշելով անդրադարձաւ հայ կնոջ եւ առհասարակ հայ ընտանիքի դիմագրաւած այժմու դժուարութիւններուն եւ մ Վերջին զեկուցաբերն էր ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան, որ նոյնպէս մեկնելով իր դիմակալած ընկերային պարագաներու օրինակներէն, անդրադարձաւ հայ ընտանիքի դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս` համացանցը, բազմազբաղութիւնը, խառն ամուսնութիւնները եւ այլն` ընդամէնը տասը պատճառ ներկայացնելով:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ խորապէս գնահատելով Հայ համալսարանաւարտներու Համախմբումի այս անդրանիկ ձեռնարկը, առաջարկեց շարունակել նման զրոյցները: «Հայ համալսարանաւարտները, հայ համալսարանականները ըսելիք եւ ընելիք ունին մեր կեանքին մէջ», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը` նշելով, որ արծարծուած հարցերը, մտահոգութիւնները, մարտահրաւէրները լիբանանահայ գաղութէն անդին համահայկական, համազգային են, անոնք առկայ են մեր բոլոր գաղութներուն մէջ, եւ հարկ է իրապաշտօրէն մօտենալ այդ հարցերուն: «Այսօր հայ ընտանիքը մեր գոյութեան առանցքն է», շեշտեց վեհափառ հայրապետը` դիտել տալով, որ այսօր մեր արժէքներու նահանջ կայ, մեր արժէչափերու խախտում կայ: «Համաշխարհայնացումը մեր մէջ է, մենք անցանկապատ ընկերութեան մէջ ենք, հիմնական հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս կրնանք մեր արժէքներու կորիզը պահել», եզրափակեց Արամ Ա. վեհափառ: Զրոյցի աւարտին դասախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.