Այսօրուայ Սուրբ Աւետարանը, զոր լսեցինք, կոչ մըն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար ապրելու
իր քրիստոնէական իսկական արժէգները: Նախ մեզ կը զգուշացնէ գայթակղութենէն, եւ մեզ կը
հրաւիրէ մաքուր կեանք ապրելու, ոչ միայն Տէր դառնալով մեր խօսքերուն, այլ նաեւ գործերուն,
որովհետեւ շատ անգամ մեր գործերը չեն համապատասխաներ մեր խօսքերուն: Կը քարոզենք սէր,
իսկ մեր գործերը ատելութիւն ցոյց կու տան: Կը քարոզենք աղքատութիւն, մինչդեր մեր ամբողջ
կեանքը փնտռտուք կը դառնայ հարստութեան եւ դրամ դիզելու: Հետեւաբար զգոյշ ըլլալու ենք
որ մեր գործերը ինչպէս նաեւ մեր խօսքերը գայթակղութեան առիթ չտան մարդոց: Անկարելի է
որ գայթակղութիւններ չգան, կ’ըսէ Յիսուս բայց «Վա՛յ անոր որուն ձեռքով կու գան»: Երկրորդ
արժէգը, զոր պարտի ունենալ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ներողամտութիւնն է: Եթէ եղբայրս մեղանչէ
իմ դէմս, պէտք է անոր յանդիմանեմ, սակայն միշտ պարտիմ ներել: Քրիստոնեան թշնամի չի կրնար
ունենալ: Քրիստոս աշխարհ գալով միայն սիրել սորվեցուց մեզի, ներողամտութիւն սորվեցուց.
«Ով որ աջ երեսիդ զարնէ դարձուր նաեւ մոյսը» կ՛ըսէր Ան: Ուրիշ տեղ մըն ալ ըսած է. «երբ
երթաս ընծադ նուիրելու եւ յիշես որ եղբայրդ քեզի հանդէպ բան մը ունի, ընծադ ձգէ, նախ
գնայ հաշտուէ հետը, ետքը եկուր ընծադ նուիրելու»: Դիւրիւն չէ ներել, եւ այս պատճառով
է որ առաքեալները Յիսուսին ըսին. «աւելցուր մեր հաւատքը»: Պէտք է պատրաստակամ ըլլալ միշտ
ներելու, որքան ալ որ վիրաւորուած ըլլանք, որքան որ վնաս կրած ըլլանք: Շատ անգամ ներելով
կը զգանք թէ մեր արժէգէն վար իջանք: Բնաւ սիրելիներ. ներումը նուաստացում չէ այլ` վեհանձնութիւն:
Պէտք է միշտ ի միտ ունենալ այն գաղափարը, որ եթէ մենք չներենք իրարու մեղքերը, Քրիստոս
եւս չի ներեր մեր գործած մեղքերը, ասոր համար Հայր մեր-ի մէջ կ’ըսենք ներէ մեզի մեր մեղքերը
ինչպէս որ մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն մեղքերը: Սիրելիներ, մեզ կը բաժնէ Յիսուսի
հրաշափառ Ծնունդէն: Յիսուս պիտի իջնէ իր թագաւորական գահէն, եւ պիտի գայ բնակելու մեր
սրտերուն մէջ: հետեւաբար, մեր սրտերը մաքրենք ամէն տեսակ աղտէ, նենգութենէ, նախանձէ,
գէնէ, չարութենէ, որպէսզի կարենանք Յիսուսը մաքուր սրտով դիմաւորել: Իրարու խօստովանինք
մեր մեղքերը, եւ իրարու համար աղօթենք, որպէսզի Յիսուս երբ գայ աշխարհ, մեր տաքուկ սրտերը
տեսնելով ծնի մեր մէջ` սէր եւ խաղաղութիւն, ուրախացնէ մեզ եւ մենք իրեն հետ եւ իրմով
ուրախանանք: Ամէն: