Քրիստոսի խոստումը-
«Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի կատարածը»: Ո՛վ որ ուսումնա-սիրած է Եկեղեցիին
Պատմութիւնը, նկատած է թէ Քրիստոսի այս խոստումը միշտ իրակա-նացած է, որուն շնորհիւ`
Եկեղեցին մարդկային միակ հաստատութիւնն է, որ այսքան երկար դարեր գոյատեւած է: Եւ
չկարծենք, թէ քրիստոնէութեան մեծագոյն թշնամիները արտաքին հակառակորդները եղած են: Քրիստոնէութեան
դէմ մեծագոյն սպառնալիքը ներսէ՛ն եկած է, եկած է հերձուած-ներէ, պառակտումներ: Եկած է
ա՛յն անձերէն, որոնքո կանչուած էին քրիստոնէութեան պաշտպան կանգնելու, որոնք սակայն իրենց
անարժան կեանքով հոգիներուն գայթակղու-թիւն պատճառած են: Քրիստոնէութիւնը, հակառակ
իր կրած աննախընթաց ու շարունակական հալածանքնե-րուն, 22 դարերէ ի վեր` մարդկութեան համար
կեանքի աղբիւր եղած է, շնորհիւ իր մշտա-նորոգ երիտասարդութեան: ԵԿԵՂԵՑԻՆ Ի՞նչ է
Եկեղեցին Երբ «եկեղեցի» կ’ըսենք, կրնանք հասկնալ չորս պատերէ կազմուած այն աղօթավայրը,որ
կիրակի կամ տօն օրերուն մեր աղօթքները կը մատուցանենք, ուր հոգեհանգիստ, մկրտու-թիւն
կամ պսակ կը կատարենք: Այս իմաստով` Անի քաղաքը կոչուած էր «հազարումէկ եկեղեցիներու
ոստան»: Բայց Եկեղեցին, որուն մասին պիտի խօսինք, տարբեր նշանակութիւն ունի:
Յիսուս աշխարհ եկաւ փրկելու ո՛չ միայն իր ժամանակակից մարդիկը, այլ նաեւ անցեալ եւ գալիք
բոլոր դարերու մարդկութիւնը: Այս նպատակը իրագործելու համար, Յիսուս աշ-խարհէն չմեկնած`
ուզեց հիմնել կազմակերպութիւն մը, որուն նպր ատակը պիտի ըլլա Անոր փրկչագործ առաքելութիւնը
շարունակել աշխարհի բոլոր ազգերուն մօտ: Յիսուս ուզեց որ մարդը մարդով փրկուի, առ այս`
աշակերտներ ընտրեց, զանոնք առաքեալներ կարգեց, որոնց հաւատացող մարդոց ամբողջութիւնը
«եկեղեցի» կոչուեցաւ, յունարէն ա՛յն բառէն որ կը նշանակէ հաւաքոյթ: Եկեղեցին ունի
ո՛չ միայն Քրիստոսէ ժառանգած հաւատք այլ նաեւ պաշտամունքի յատուկ վայրեր կամ աղօթատեղիներ
(եկեղեցիներ): Բայց հոս երբ կը խօսինք Եկեղեցիի մասին, յատուկ կերպով կը հասկնանք
Քրիստոսի հիմնած հոգեւոր այն կազմակերպութիւնը, որուն աստուածաւանդ առաքելութիւնը կը
կա-յանայ մարդիկը քրիստոնեայ դարձնելու եւ զանոնք առաջնորդելու դէպի երկնաւոր արքա-յութիւնը:
Եկեղեցին կը կազմէ մարմին մը, որուն անդամ կը դառնան բոլոր ազգերու ու ժողովուրդ-ներու
պատկանող մկրտուած այն հաւատացեալները, որոնք Յիսուս Քրիստոսը իբր Աստ-ւած կը ճանչնան
եւ Անոր քարոզած հաւատալիքները կը դաւանին: Եկեղեցին որպէս բազ-մազգի կազմակերպութիւն`
ունի ընկերային հասարակական կառոյց, տնտեսութիւն, վար-չակազմ: Եկեղեցին ունի հեղինակութիւնը`
նշանակուած իր Հիմնադրին կողմէ որպէս յա-ջորդ Ս. Պետրոս առաքելապետի: Այս հեղինակութեան
կը հնազանդին Եկեղեցիին պատ-կանող ամէնազգի եկեղեցականներն ու աշխարհական հաւատացեալները: (Քաղուած
Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)