2013-12-14 10:32:16

Ըստ Ուքրանիոյ փոխվարչապետին. Քիեւ մօտ օրէն պիտի ստորագրէ ընկերակցութեան համաձայնագիրը


«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ փոխվարչապետ Սերկէյ Արպուզով Եւրոպական Միութեան ընդարձակման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտարարած է, որ Ուքրանիա մօտ օրէն պիտի ստորագրէ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:
Ֆիւլէ իր կարգին յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Ուքրանիան համաձայնութիւն գոյացուցած են բանակցութիւններ վարելու առանց Ռուսիոյ:







All the contents on this site are copyrighted ©.