2013-12-13 12:02:30

Պիրմանիոյ 20-րդ դարու երկու մարտիրոսները մօտ ապագայի մէջ խորաններու պատւոյն կ'արժանանան։


Անոնք քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուեցան 1950-ի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անցեալ 9 դեկտեմբերին, վաւերացուցած է հրատարակումը սուրբերու դատին հայող բամաթիւ վաւերագրերու, որոնց կարգին ճանաչումը` իտալացի քահանայի մը եւ աշխարհական Պիրմանացիի նահատակութիւնները, 1950 թուականին Պիրմանիայի մէջ։
Աստուծոյ ծառայ Մարիօ Վերկադա (1910-1950) եւ կրօնուսոյց Իզիտոր Նկէի Գօ Լատ (? - 1950) մօտ ապագային երանելի պիտի հռչակուին։ Երկու Աստուծոյ ծառաները նահատակուեցան իրենց քրիստոնեական հաւատքին համար քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին` մայիս 1950-ին։
Նոյնպէս խորաններու պատւոյն կ'արժանանայ իտալացի կրօնաւորուհի Ճովաննինա ֆրանքի (1807-1872), հիմնադիրը բոյժ-քոյրերու իգական միաբանութեան։
Սրբազան Հայրը ճանչցած է նաեւ 10 կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու հերոսական առաքինութիւնները որոնց ։ դատերը ներկայիս ուսումնասիրութեան մէջ են` երանելի հռչակուելէն առաջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.