2013-12-13 12:47:42

''Ողողուեցէք Ս. Ծննդեան լոյսի ճշմարտութեամբ, որպէսզի Աւետարանի ուրախութիւնը լեցնէ սիրտն ու կեանքը բոլոր անոնց որ Յիսուսի կը հանդիպին'' - ըսաւ Քահանայապետը Պավիէրայի ուխտաւորներուն։


Ուրբաթ, 13 դեկտեմբերի կէսօրին, Գլեմենդինա սրահին մէջ ընդունելով Սուրբ Ծննդեան տօնածառի նուիրատու` Գերմանիոյ Պավիէրա շրջանէն ժամանած 350 ուխտաւորները, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, նախ` մի առ մի ողջունեց պատուիրակութիւնը գլխաւորող անդամները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ''տօնածառի'' նուէրին, որ կը յատկանշէ նաեւ - ըսաւ Ան ''Գերմանիոյ ու յատկապէս Պավիէրայի շրջանին, բարեկամութիւնն ու սերտ կապը Սուրբ Աթոռին հետ''։
Նորին Սրբութիւնը ապա բոլոր ներկաներուն ու անոնց հայրենակիցներուն մաղթեց խաղաղ Սուրբ Ծանունդ մը հրաւիրելով զանոնք ''Ողողուիլ Ս. Ծնունդի լոյսի ճշմարտութեամբ, որպէսզի Աւետարանի ուրախութիւնը լեցնէ սիրտն ու կեանքը բոլոր անոնց որ Յիսուսի կը հանդիպին''։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ խօսքը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ու բոլորին ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.