2013-12-13 10:49:07

Եւրոպական Խորհրդարանը Ուքրանիոյ վերաբերեալ բանաձեւ որդեգրած է


Քորեսփոնտընթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը Ուքրանիոյ վերաբերեալ որդեգրած է բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ ստեղծելու Եւրոպական Միութեան քաղաքական ամէնէն բարձր մակարդակով միջնորդական առաքելութիւն մը, որ պիտի օգնէ խաղաղ լուծում գտնելու այդ երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամին համար:
Եւրոպացի օրէնսդիրները կոչ ուղղած են նաեւ վերցնելու Ուքրանիոյ հետ մուտքի արտօնագիրներու դրութիւնը: Բանաձեւը որդեգրուած է Սթրազպուրկի մէջ` Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ «պէտք է գործադրուին հաւանական բոլոր ջանքերը, որպէսզի Ուքրանիան ներգրաւուի Եւրոպական Միութեան ներքին ուժանիւթի շուկային մէջ»:
Բացի ատկէ, կառոյցը կոչ ուղղած է Եւրոպական յանձնաժողովին աջակցելու Քիեւի` Դրամական միջազգային ֆոնտին եւ Զարգացման ու վերակառուցման եւրոպական դրամատան հետ բանակցային հոլովոյթին մէջ, որպէսզի երկիրը անհրաժեշտ ելեւմտական օգնութիւն ստանայ` Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար անհրաժեշտ բարեփոխումները կատարելու նպատակով:
Եւրոպական խորհրդարանը անդրադարձած է նաեւ Քիեւի մէջ կատարուող բողոքի ցոյցերուն` իր աջակցութիւնը յայտնելով գործիչներուն, ինչպէս նաեւ` քննադատելով անոնց դէմ բիրտ ուժի օգտագործումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.