2013-12-12 09:39:52

Քահանայապետական թուիթերեան կայքը մէկ տարեկան։


12 դեկտեմբեր 2012-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը, Քահանայապետական @pontifex թուիթերեան կայքի վրայ կը հրատարկէր առաջին թուիթը` ''Սիրելի բարեկամներ մեծ ուրախութեամբ ձեզի կը միանամ թուիթերի ցանցին մէջ։ Շնորհակալ եմ ձեր վեհանձն պատասխանին։ Բոլորդ սրտնաց կ՛օրհնեմ'' ։
Սկզբնական շրջանին թուիթները հրատարակուեցան չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան առթիւ, ապա անոնք սկսան հրատարակուիլ ամենօրեայ հերթականութեամբ։ Թուիթները կը հրատարակուին 9 լեզուներով` Իտալերէն, ֆրանսերէն, Անգլերէն, Սպաներէն, Գերմաներէն, Փորթուկալերէն, Լեհերէն, Արաբերէն եւ 2013-ի` 17 յունուարէն սկսեալ նաեւ Լատիներէն։
Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայպետի քահանայապետութեան վերջին օրը թուիթերեան կայքի հետեւորդներուն աւելցան 3 միլիոն 300 հետեւորնեդներ ու ապա կայքի գործունէութիւնը դադրեցաւ մինչեւ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը ու վերսկսաւ գործել 17 մարտ 2013-ին։
Անցեալ 26 հոկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը գրէր` ''Սիրելի հետեւորդներ, իմացայ թէ արդէն 10 միլիոնի հասած էք։ Սրտանց շնորհակալ եմ ու կը խնդրեմ որ շարունակէք աղօթել ինծի համար''։ Քահանայապետական ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլիի գնահատումով` ''հոգեւոր ապաանապատականացումի երեւոյթին ի տես` Սրբազան Քահանայապետի թուիթները կը հասնին աւելի քան 60 միլիոն անհատներու''։
Յայտնենք որ Քահանայապետական թուիթերեան կայքի հետեւորդներու թիւը գերազանցած է արդէն 11 միլիոնը







All the contents on this site are copyrighted ©.