2013-12-12 14:43:38

''Մարդավաճառութիւնը ոճրագործ արարք է ու հարկ է անոր դէմ պայքարիլ'' ըսաւ Քահանայապետը, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած խումբ մը դեսպաններուն հետ հանդիպման ընթացքին։


Հինգշաբթի, 12 դեկետմբեր, առաւօտեան` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց զանազան երկիրներ ներկայացնող Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած ''ոչ մնայուն'' դեսպաններու խումբ մը, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ յաջորդաբար ընդունեց Վատիկանի ''Գոր Ունում'' բարեսիրական մարմնի նախագահ` Կարտինալ Ռոպերդ Սարահ, Առաքելական գերագոյն ատեանի կառավարիչ` Կարտինալ Ռայմոնտ Լէօ Պուրք եւ Մեքսիքոյի Սան Քրիսդոպալ Տէ Լաս Գազաս թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Ֆելիփ Արիզմէնտի Էսքիվալ, հուսկ ժամը 12,30-ին Սրբազան Հայրը ընդունեց` Պուէնոս Այրէսի գաւառի կառավարութեան նախարար` Տիկ Քրիստինա Ալվարէզ Ռոտրիկէզ։
Նոր անուանուած դեսպաններու արտասանած իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ` ''ձեզի հանդիպելով կը մտաբերեմ միջազգային հասարակութիւնը եւ բազմաթիւ ձեռնարկները ի սպաս խաղաղութեան, երկխօսութեան, մշակութային յարաբերութիւններուն` քաղաքական եւ տնտեսական գետնի վրայ եւ ի սպաս դժուարութեան մէջ ապրող ժողովուրդներու օժանդակութեան։ Ան ապա խօսքը ուզեց կեդրոնացնել ''մարդավաճառութեան'' հարցին վրայ, որ օրէ օր աճող ''ստրկութեան տարածուած մէկ երեւոյթ մըն է'', որ իսկական գայթակղութիւն մըն է եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն, որովհետեւ մարդ էակը ''ապրանքի'' նման վաճառքի ենթարկուած է։ ''Մարդավաճառութիւնը ժամանակակից մէկ հասարակական ախտ մըն է'' - ըսաւ Քահանայապետը - որուն դէմ պէտք է պայքարիլ վեհանձն յանձնառութեամբ։ Ան ապա հաստատեց թէ այս երեւոյթը իրեն համար մեծ մտահոգութիւն մըն է։ ''Հարկ է մեր ուժերը միացնել, ազատագրելու համար այս արարքի երթարկուած զոհերը եւ կանխարգիլելու այս ոճիրի յառաջացումը որ կը կը սպառնայ ոչ միայն անհատներու` այլ ընկերութեան հիմնական արժէքներուն եւ նոյնիսկ միջազգային արդարութեան եւ ապահովութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ ընտանեկան ու հասարակական կառոյցին։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ կոչ ուղղեց բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց, կառավարութիւններուն եւ միջազգային հասարակութեան, կանխարգիլելու որ ''այս մարդիկը, կիներն ու մանուկները օգտագործուին որպէս ''իրեր'', եւ յաճախ խաբկանքի եւ բռնութեան երթարկուելով վաճառուին տարբեր նպատակներու համար, ու վերջաւորութեան սպաննուին, կամ ալ առ յաւէտ` կործանուի անոնց միտքն ու մարմինը ու լքումի եւ անտեսութեան զոհ դառնան''։ Հարկաւոր է առ այդ - յարեց Սրբազան Հայրը - միասնական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն` յաղթահարելու համար այս իրողութիւնը'' ու շարունակեց` ''Հարկ է խոր խղճի քննութիւն մը կատարել ու հարց տալ քան՞ի անգամ թոյլ տուինք որ անհատ մը ''առարկայի'' նման օգտագործուի։ Խօսքը եզրաբակելով` Սրբազան Հայրը, յորդորեց միջազգային հասարակութիւնը մարդավաճառութեան դէմ ռազմաւարութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնել, ''որպէսզի աշխարհի որեւէ մէկ վայրին մէջ` մարդիկ չարաչար չ՛օգտագործուին որպէս իրեր, այլ յարգուի անոնց անձեռնմխելի արժանապատութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.