2013-12-12 10:06:38

Երեւանի մէջ. լրագրողներու համահայկական համաժողովներու համակարգող մարմինի նիստ


11 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովներու համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը, զոր կը վարէր համակարգող մարմինի նախագահ, «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Նիստին օրակարգին գլխաւոր կէտերն էին 2014 թուականին նախատեսուող Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովի խորագիրը եւ մասնակցութեան ձեւաչափը:
Ողջունելով նիստի անդամները եւ հիւրերը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն սփիւռքի հիմնախնդիրները վեր հանելու, լուսաբանելու եւ անոնց լուծման նպաստելու համար` նշելով, որ զանոնք ճիշդ ներկայացնելով պայմանաւորուած է Հայաստան – սփիւռք հետագայ զարգացումը: Նախարարը կարեւոր նկատեց սուրիահայերու խնդիրներու բարձրաձայնումը, նիստին մասնակից խմբագրապետերէն խնդրեց ուշադրութեան կեդրոնը պահել սուրիահայերու օգնութեան ծրագիրը:
Հեռակապով նիստին մասնակցող Ժիրայր Չոլաքեան (Ֆրանսա), Դերենիկ Մելիքեան (Իրան), Համբիկ Մարտիրոսեան (Լիբանան), Յակոբ Վարդիվառեան (Միացեալ Նահանգներ), եւ Կիմ Գաբրիէլեան (Արցախ) ներկայացուցին իրենց դիտարկումներն ու առաջարկները: 2014 թուականին նախատեսուող` Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովի ձեւաչափին, նիւթին, կայացման վայրին եւ ժամկէտին վերաբերեալ քննարկումներուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, համակարգող մարմինի միւս անդամները` Յարութ Սասունեան, Շահան Գանտահարեան, Աստղիկ Գէորգեան, Նաղաշ Մարտիրոսեան, Աստղիկ Աւետիսեան եւ Էվելինա Բաղդասարեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր արժէքաւոր առաջարկներուն համար` նախարար Հրանուշ Յակոբեան ամփոփեց Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովի նիւթի, ձեւաչափի, վայրի եւ ժամկէտի վերաբերեալ համահայկական համաժողովներու համակարգող մարմինի հերթական նիստը:







All the contents on this site are copyrighted ©.