2013-12-12 10:06:51

«Ուքրանիա Ռուսիոյ հետ Մաքսային Միութեան անդամակցութեան հարցը պիտի չքննարկէ» ըսաւ Ազարով


«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով յայտարարած է, որ 17 դեկտեմբերին նախատեսուած ռուս-ուքրանական միջպետական նիստին ընթացքին Մաքսային միութեան անդամակցութեան հարցը պիտի չքննարկուի:
«Մաքսային միութեան հարցով որեւէ խօսակցութիւն պիտի չըլլայ, կառավարութիւնը ոչ մէկ փաստաթուղթ պիտի պատրաստէ», յայտարարած է վարչապետը:
Նախապէս որոշ լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ 7 դեկտեմբերին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահները Սոչիի մէջ քննարկած են Ուքրանիոյ` Մաքսային միութեան անդամակցութեան հարցը







All the contents on this site are copyrighted ©.